Չեխիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Եան Հըրընչիրճ յայտնեց, որ Էրտողանի շարունակուող աջակցութիւնը Սուրիոյ մէջ կայք հաստատած ահաբեկիչներուն եւ աւազակախումբերուն ինքնիշխան երկրի մը դէմ հիւսուած նկատելի դաւ է:
«Խորհրդարանական Էջեր» կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հըրընչիրճ դիտել տուաւ, որ Էրտողան կը ջանայ պաշտպան հանդիսանալ Իտլիպի մէջ կայք հաստատած ահաբեկչական խմբաւորումներուն կանխելու իր պարտութիւնը, որովհետեւ նման պարտութիւն պիտի բացայայտէ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ ի գործ դրած իր ոճիրները: