Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի իւրաքանչիւր հաւատացեալի աղօթքին 17-րդ համարը մեր բնաբանը դարձնելով Մեծ Պահոց օրերուն, ի մասնաւորի Միջինքի առիթով Աստուծմէ կը խնդրենք, որ չար սովորութիւններէն դարձնէ մեզ դէպի բարի սովորութիւն:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Ամէն մաքրութիւն ճիգ թափելով յառաջ կու գայ: Աստուծոյ դարձող մարդը պէտք է ինքզինք մաքրէ՝ ըլլալու համար նոր արարած: Ապաշխարութեան քառասնօրեայ պահեցողութեան ժամանակաշրջանը առիթ մըն է մեր հոգիները մաքրելու:
Իսկական ապաշխարողը ան է, որ իր կատարած սխալներուն համար զղջալով, կը վճռէ փոխել իր ընթացքը՝ հին ճամբէն դառնալով դէպի նոր ուղղութիւն եւ կեանքի նոր եղանակ: Ապաշխարողը, մոլութեան գերութենէն ձերբազատելով կը դառնայ Քրիստոսի շնորհքով ազատագրուած Նոր մարդ: Ապաշխարութեամբ, կեանքէն յուսահատողը կը դառնայ յոյսով քաղցրացած, սիրոյ ջերմութեամբ կը լեցնէ իր սիրտը եւ բարութեամբ կը պտղաւորէ իր կեանքը: Անհրաժեշտ է գիտնալ ու պահել Աստուծոյ պատուիրանները, այսինքն՝ հոգիի առողջութեան պայմանները, որոնք հոգեկան խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն կը պարգեւեն մարդուն: Մեծ պահեցողութեան շրջանին պէտք է նաեւ կամեցողութիւնը զօրացնել՝ կարդալով Աստուծոյ պատուիրաններն ու ուսուցումները եւ գործնականօրէն կիրարելով զանոնք առօրեայ կեանքին մէջ:
Հետեւաբար, ապաշխարել կը նշանակէ ետ դառնալ մեր կատարած սխալներէն, առնուած սխալ որոշումներէն, այսինքն՝ սխալ որոշումը կամ մտադրութիւնը փոխել եւ մտովին փոխուիլ: Երբ Յովնան մարգարէ գնաց եւ նինուէացիներուն փոխանցեց Աստուծոյ սպառնագին պատգամը՝ անոնք ծոմ պահեցին, քուրձ հագան եւ իսկական զղջումով Աստուծոյ վերադարձան մտածելով, որ ո՞վ գիտէ, թերեւս Աստուած Իր մտադրութիւնը փոխէ, Իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ եւ չկորսուինք: Աստուած տեսաւ անոնց գործերը, թէ ինչպէ՛ս իրենց չար ճամբաներէն վերադարձան: Աստուած գթաց անոնց՝ Իր տուած պատիժին եւ սպառնալիքին համար, փոխեց Իր մտադրութիւնն ու որոշումը եւ այն չարիքը որ անոնց վրայ պիտի բերէր՝ չբերաւ (Յվն 3.5-10)։
Ապաշխարութիւնը կամ սխալ որոշումէ մը ետ դառնալը յատուկ գործողութիւն մըն է, արարք մը, որով մարդիկ կը հրաւիրուին իրենց նախկին մտածելակերպը եւ ապրելակերպը փոխելու եւ նոր ուղղութիւն որդեգրելով Աստուծահաճոյ որոշում մը առնելու: Արեւագալի ժամերգութեան ընթացքին դառնալով արեւմուտք կ’արտասանենք «Հրաժարիմք»ը, ամբողջութեամբ հրաժարելով սատանայէն եւ անոր բոլոր տեսակի խաբէութիւններէն եւ պատրանքներէն: Ապա կը դառնանք դէպի արեւելք, այսինքն դէպի լոյսը՝ Աստուած եւ անոր գիտութիւնը, որպէսզի մաքրուինք ամէն տեսակի չարիքէ եւ մօտենանք Աստուծոյ:
Առաքեալներուն առաջին կոչերը եղան ապաշխարութեան կոչեր՝ նոր կեանքի դառնալու եւ Աստուածահաճոյ որոշում մը առնելու մղող վճռակամութիւն (Գրծ 2.38-39 , 3.19-20 , 8.22): Ապաշխարել կը նշանակէ գործուած յանցանքի մը համար զղջալ, ցաւ զգալ եւ սրբագրել զայն: Սխալի մը մասին խորհիլը բաւարար չէ, այլ անհրաժեշտ է զայն սրբագրելու համար գործի անցնիլ: Ապաշխարութեան մէջ յանձնառութիւն մը կայ: Ապաշխարութիւն չի նշանակեր ինքզինք փակել սենեակի մը մէջ եւ ողբալ կամ ամէն ինչէ զրկել ինքզինք այն աստիճան, որ յուսալքութեան աստիճանի հասնի եւ ինքզինք դժբախտ զգայ: Բնականաբար ցաւի եւ տառապանքի մէջ, երբ ուզենք մեր թերութիւնները սրբագրել, պէտք է գիտնանք որ դժուարութիւններու եւ ցաւի պիտի հանդիպինք, ուստի վերջնական արդիւնքին եւ պատկերին հասնելու համար պէտք է ապաւինինք Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած սիրոյն, որ կը զօրացնէ մեզ եւ կը մոռցնէ բոլոր դժուարութիւնները: Արեւագալի ժամերգութեան մասնակցելով զղջումի աղօթքով կը խոստովանինք մեր գործած մեղքերը եւ թողութիւն կը խնդրենք Աստուծմէ:
Հին սովորութիւնները անհրաժեշտ է թօթափել: Աստուած նպատակով երկարեց հրեաներու թափառական կեանքը անապատին մէջ, որպէսզի անոնք մոռնան եգիպտական բարքերը, հեթանոսական սովորութիւններն ու շռայլ կեանքը եւ որպէս նոր ժողովուրդ մտնեն խոստացուած երկիրը: Նոյնպէս ալ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը առիթ մըն է քննելու մեր անձերը եւ հրաժարելու օտար բարքերէն, Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած անհաշտ եւ անհաճոյ բոլոր մտածումներէն, դառնութիւններէն եւ ցանկութիւններէն, որպէսզի նորոգուած հոգիներով արժանի դառնանք մեզի խոստացուած ժառանգութեան: Անհրաժեշտ է թօթափել ատելութիւնը, փառասիրութիւնը, եսասիրութիւնը եւ ցուցամոլութիւնը: Աստուածպաշտութեան մէջ դաստիարակութիւն գոյութիւն ունի: Անապատային կեանքը եբրայեցի ժողովուրդին համար առիթ էր նաեւ, որ ան Մովսէսի ձեռքով ճանչնայ աստուածային օրէնքները եւ հետզհետէ հաստատուի ճշմարիտ աստուածպաշտութեան մէջ: Եբրայեցիները Մովսէսի ճամբով հաղորդ դարձան Աստուծոյ խորհուրդին եւ խօսքին: Նոյնպէս քառասնօրեայ պահեցողութիւնը առիթ մըն է, որ մենք առանձնութեան մէջ խոկանք, Աստուծոյ հետ հաշտուինք, արգելափակող պատը տապալենք, Աստուծոյ դառնալով Անոր պատուիրանները ճանչնանք եւ Տիրոջ աւելի ժամանակ տրամադրենք: Թէեւ վարագոյրը քառասուն օրեր մեզ կը բաժնէ մեր Արարիչէն, սակայն մեր հաղորդակցութիւնը կը պահենք Անոր հետ Արեւագալի եւ Հսկումի ժամերգութիւններու, աղօթքի, ապաշխարութեան եւ Ս. Գիրքի ընթերցանութեան ճամբով: Եբրայեցիները Զատիկի ճաշակումը պիտի ընէին խոստացուած երկրին մէջ: Իրենց համար անապատային քառասնամեայ շրջանը իր լրումին պէտք էր հասնէր «վերին կոչումին մրցանակին արժանանալով» (Փլպ 3.14): Նոյնպէս քառասնօրեայ պահեցողութիւնը քայլ մըն է դէպի վեր, բարձունք, մագլցում դէպի Խոստացուած Երկիր, ուր արժանաւորապէս արդարացած մուտք պիտի գործենք: Յիշեալ բաղդատական պատկերին ընդմէջէն, ինքնին բնորոշուեցաւ ապաշխարութիւնը: Մտածող մարդը անպայմանօրէն պէտք է անդրադառնայ նաեւ կանոններուն, որոնց նպատակն է մարդոց հոգեկան ձգտումները կարգապահութեան ենթարկել եւ ուղղել՝ ապահովելով անոնց հոգեկան առողջութիւնը եւ երջանկութիւնը: Աստուածաշունչի այդ կանոններուն մասին է, որ կը հրաւիրուինք մտածելու Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանին: Մեր մտածումները կեդրոնացնենք երկու հիմնական կէտերու վրայ.- Քառասուն թիւին եւ ապաշխարութեան էութեան: Ինչո՞ւ եկեղեցին քառասուն օրերու այս շրջանը սահմանած է ապաշխարութեան եւ պահեցողութեան համար եւ Զատիկի տօնէն անմիջապէս առաջ: Քառասուն թիւը խորհրդանիշ է եբրայեցի ժողովուրդին անապատին մէջ ապրած թափառական կեանքին, երբ անոնք փախուստ տուին Եգիպտոսի գերութենէն: Անոնք Եգիպտոսի մէջ ստրկութեան կապանքներէն դուրս գալ չկրցան՝ մինչեւ որ Աստուծոյ սահմանած ազատարարը եկաւ եւ զիրենք ազատեց ստրկութենէն: Մենք մեր ազատագրութիւնը որպէս շնորհք Քրիստոսի խաչելութեամբ ստացանք, բայց այդ ազատութեան արժանի ըլլալու համար քառասնօրեայ կամաւոր մեկուսացում մըն է, որ կը փորձենք ապրիլ: Մեկուսացում, այսինքն՝ առանձնանալ, Աստուծոյ հետ ըլլալ եւ Անոր հետ խօսիլ: Անապատին մէջ թափառելով եբրայեցի ժողովուրդը սորվեցաւ, թէ ինչպէ՞ս անապատի ամայութեան մէջ իսկ Աստուած կը կերակրէ իր ժողովուրդը՝ մանանայով եւ ամուր ժայռէն իսկ ջուր կը բխեցնէ: Նոյնպէս մեր քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը թափառում մըն է մեր հոգիներու անապատին մէջ, որպէսզի սորվինք թէ ինչպէ՞ս Աստուած մեր կարծրացած հոգիներն իսկ կրնայ ջրարբի պարտէզի եւ պտղաբեր դաշտի վերածել եւ հոգեղէն հացով առատացնել, եթէ մեր անձերը իր առաջնորդութեան յանձնենք:
Գործք Առաքելոց գիրքի երրորդ գլուխը մեզ կը հրաւիրէ Քառասնօրեայ ապաշխարութեան. «Ապաշխարեցէք եւ Աստուծոյ դարձէք, որպէսզի ձեր մեղքերը ջնջէ, առիթ տայ որ վերանորոգուիք, եւ ձեզի ղրկէ Յիսուսը, կանուխէն ձեզի համար սահմանուած Քրիստոսը»: (Գրծ 3.19-20)
Մեր կեանքին մէջ ունինք ապաշխարութեան այս շրջանը, որ կը կոչուի Մեծ Պահք: Քառասնօրեայ շրջան մը, ուր Աստուծոյ հաւատացող մարդը կը հրաւիրուի ժամանակի մը համար ինքնամփոփուելու եւ մտածելու իր անձին մասին: Ինչպէս նուազագոյն գիտակցութիւն ունեցող մարդը անպայմանօրէն կը խորհի ու կը մտահոգուի իր մարմինի առողջութեան ու անվտանգութեան մասին, նոյնպէս ալ հաւատքի գիտակցութեան եկած քրիստոնեան բնականօրէն պէտք է մտածէ իր հոգիի առողջութեան մասին: Ներկայիս գոյութիւն ունին սննդականոնի եւ առողջապահութեան յատուկ բազմաթիւ գիրքեր, որոնց նպատակն է մարդուն մարմինը որոշ կշռոյթի եւ կարգապահութեան ենթարկել, ապահովել անոր առողջութիւնը եւ ցաւէ, տառապանքէ եւ հիւանդութիւններէ հեռու պահել: Մարդը պէտք է մտածէ նաեւ իր հոգին փրկելու առողջապահական կանոններուն մասին: Կանոններ, որոնց նպատակն է մարդուն ձգտումները կարգապահութեան ենթարկել եւ ուղղել՝ ապահովելով անոր հոգեկան առողջութիւնը եւ երջանկութիւնը:
Մեծ Պահոց օրհնաբեր օրերուն, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած արտասանելով. «Դարձուցի՛չ մոլորելոց, դարձո՛ զիս՝ ի չար սովորութեանց իմոց ի բարի սովորութիւն, եւ բեւեռեա՛ ի հոգի իմ զսոսկալի օր մահուն, եւ զերկիւղ գեհենոյն եւ զսէր արքայութեանն, զի զղջացայց ի մեղաց եւ գործեցից զարդարութիւն. եւ ողորմեա՛ Քո արարածոց եւ ինձ՝ բազմամեղիս. Ամէն»:
Մասիս Եպս. Զօպուեան
Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին