Ուրբաթ, 13 Մարտ 2020-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մեծ Պահքին առնչուող դասախօսութիւն, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբին։
Յանձնախումբի ատենապետ Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ ողջունեց սրբազան հայրը ու աւելի քան 100 խաչուհի ընկերուհիները։
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Մեծ Պահոց եօթնեակ կիրակիներուն «Ոսկեայ Շղթեայ» կոչումին, որ առնչուած է Աստուածաշնչական պատմութիւններու հետ, կազմուած՝ Յակոբոս Տեառնեղբօր եւ Կիւրեղ Երուսաղէմացիի կողմէ։
Ընկերուհին կոչ ուղղեց խաչուհիներուն, որ պահեցողութեան այս շրջանին զօրացնելով իրենց հոգիները, հետեւին Քրիստոսի եւ անոր աշակերտներուն՝ ունենալու նուիրեալ, ազգային եւ բարեսիրական աշխատանք, հասնելու աւելի նոր ու լուսաւոր զարթօնքի։
Ապա հրաւիրեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանը օրուան պատգամը ուղղելու։
Սրբազան հայրը ներկաներուն հետ միասնաբար «Հայր Մեր»ը աղօթելէ ետք, իր հոգեպարար պատգամը տուաւ հետեւեալը հաստատելով.
«Երբ չարը իշխած է մեր վրայ եւ մենք կ’ուզենք անոր տիրապետութիւնը հեռացնել մեզմէ, այդ մէկը կարելի կը դառնայ հոգեւոր պահեցողութեամբ եւ Աւետարանը մօտ պահելով մեր անձերուն։
Մեծ պահեցողութիւնը ընթերցանութեան գեղեցիկ առիթ մըն է։ Աստուածաշունչի իւրաքանչիւր գիրքին մէջ պատուիրան մը կայ, Աստուծոյ պատուիրանները որոնք դեղ են եւ կը բուժեն, հոգեւոր խաղաղութիւն կը պարգեւեն՝ յաղթահարելու մեր ներքին հոգեկան տագնապները, մտահոգութիւնները, ընկերային, բարոյական հարցերը։
Հոն կը գտնենք երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն, որոնք մնայուն են եւ տարբեր՝ միւս խաղաղութիւններէն, որոնք ունայն են։
Մարդ արարածին կամքը տկար է։ Աւետարանը կարդալով եւ կիրարելով է որ կը զօրանանք հոգեպէս։
Մեծ պահեցողութիւնը կը նշանակէ կատարուած սխալներէն հրաժարիլ եւ սխալ որոշումները յետս կոչել։
Չարը կը ներգործէ մեր մէջ, մեր տկարութեան պահուն, երբ մեր կամեցողութիւնը տկար է եւ չարը տիրապետած է մեր միտքերուն եւ մեզ սխալ մտադրութեան կ’առաջնորդէ։ Պէտք է մտովի փոխուինք եւ ոչ մարմնով, հետեւաբար իմացական պահեցողութիւնը կարեւոր է։ Ինչպէս արեւագալի ժամանակ կը դառնանք դէպի արեւելք՝ լոյսին, մեծ պահեցողութեան ժամանակաշրջանը դէպի լոյսը, դէպի Քրիստոսը դառնալու գեղեցիկ հանգրուանն է, որպէսզի մաքրուինք ամէն տեսակի չարութենէ։ Միայն սխալին մասին մտածելով չէ, որ կրնանք ձերբազատիլ մեր մեղքերէն, անհրաժեշտ է սրբագրել մեր սխալները եւ այդ մէկը կարելի կը դառնայ միայն ապաշխարութեամբ։
Երբ կ’ըսենք պահեցողութիւն, պէտք է խօսինք ապաշխարութեան մասին։
Պահեցողութիւնը ապաշխարութիւնն է, ուրեմն աւելորդաբանութիւն է խօսիլը ուտեստեղէնէ զրկանքի մասին։
Սակայն ապաշխարութիւնը մեկուսանալ չէ, յուսալքուիլ չէ, զատորոշուիլ չէ, ուրիշը քննադատել չէ։
Երբեմն կ’ողբանք մեր ցաւերուն համար եւ մեր կուրծքը կը ծեծենք «մեղայ-մեղայ» ըսելով, կը ցաւինք։
Ապաշխարութեան մէջ ցաւ եւ զրկանք կայ, որոնք կ’առաջնորդեն մեզ յաւիտենականութեան։ Երբ ուզենք մենք զմեղ սրբագրել, պէտք է ցաւինք, զրկուինք որպէսզի բուժումի եւ մաքրութեան հասնինք։
Մեծ պահեցողութեան ժամանակաշրջանը կարեւոր է երկու իմաստով, նախ սպանել մեր մէջ բոլոր այն բարքերը եւ սովորութիւնները, որոնք կը վտանգեն մեր հոգիները, երկրորդ՝ կրթել մեր հոգիները»։
Սրբազան հայրը եզրափակելով ըսաւ.
«Այս շրջանին եկեղեցւոյ վարագոյրը գոց է, սակայն Աստուած չէ բաժնուած մեզմէ, վարագոյրը գոց է, սակայն Աստուած հեռու չէ մեր կեանքէն։ Ան հեռու կը մնայ միայն այն ատեն, երբ կամաւորաբար մեր հաղորդակցութիւնը կը խզենք Անոր հետ։
Մեր ներքին հոգիներու վարագոյրը երբեք պէտք չէ փակուի. պէտք է միշտ բաց մնայ, որպէսզի կեանքի անապատի աւարտին մենք եւս մուտք գործենք խոստացուած երկիրը, որ երկնքի արքայութիւնն է»։
Սրբազան հայրը իր խօսքը աւարտելէն ներկաներէն խնդրեց, որ միանան իրեն երկու շարականներով, որոնցմէ ետք Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Սեդա Կէրկէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան Հօր, անոր նուիրելով յուշանուէր մը եւ խոստում ստանալով անկէ որ դարձեալ կրկնուին այսպիսի հոգեշահ դասախօսութիւններ։
Մարինա Պոզեաքալեան-Պազարպաշեան