Աւելի քան 80 երկրէ ներս պսակաձեւ ժահրին տարածումը, անոր համաշխարհային համաճարակի վերածումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ինչպէս համաշխարհային, այնպէս ալ իւրաքանչիւր երկրի տնտեսութեան վրայ:
Համաշխարհային տնտեսութիւնը յատկապէս ազդուեցաւ Չինաստանի մէջ ժահրին տարածման եւ Չինաստանի տնտեսութեան խարխափումին հետեւանքով, նկատի առած որ Չինաստան աշխարհի երկրորդ արտադրողական ուժ ունեցող երկիրը կը համարուի եւ իր արտադրութիւնները մեծաթիւ երկիրներ կ’արտահանէ:
Ազդուեցան յատկապէս համաշխարհային ճարտարարուեստական ընկերութիւնները, որովհետեւ անոնք օգտագործուող հում նիւթերու եւ ուժանիւթի մեծ մասը կը ներածէին Չինաստանէն: Չինաստանի մէջ գործող համաշխարհային շարք մը ընկերութիւններ անել կացութեան մատնուեցան եւ սկսան սերտել այլ երկիրներու մէջ իրենց դրամագլուխները շահարկելու կարելիութիւնները:
Պսակաձեւ ժահրին տարածման հետեւանքով Համաշխարհային տնտեսութեան անել այս կացութիւնը, իրարանցումը, առաւելաբար հետեւանք է տարիներէ ի վեր համաշխարհային տնտեսութեան բազմաթիւ աղբիւրներու վրայ Չինաստանի հաստատած վերահսկողութեան:
Այլ առումով, նկատառելի վնասներ կրեցին զբօսաշրջութեան, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ փոխադրամիջոցներու հատուածները եւս: Հատուածներ, որոնց վրայ հիմնուած է շատ մը երկիրներու տնտեսութիւնը, ինչ որ իր բացասական դերակատարութիւնը ունեցաւ թէ՛ տուեալ երկիրներու, եւ թէ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ:
Տնտեսագէտներու կարծիքով, այս երեւոյթը բացասաբար ազդելով համաշխարհային տնտեսութեան ընդարձակման կշռոյթին վրայ, դրական անդրադարձ կրնայ ունենալ փոքր երկիրներու տնտեսութեան վրայ՝ տեղական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու եւ ներածումներու համեմատութիւնը նուազագոյնի իջեցնելով տնտեսապէս անկախանալու,թափ տալով տեղական արդիւնաբերութեան աճին:
Պատերազմի տարիներուն տնտեսական տագնապէ տառապող Սուրիոյ մէջ եւս, այս ժահրին հետեւանքով ստեղծուած կացութիւնը, հաստատութիւններու, կարգ մը օդակայաններու եւ ցամաքային ճամբաներու փակումը բացասական անդրադարձ պիտի ունենայ տնտեսական հատուածին վրայ, երկրէն ներս տարբեր ոլորտներու սառեցման հետեւանքով նուազեցնելով ոչ միայն պետութեան, այլեւ քաղաքացիներուն եկամուտը:
Բարեբախտաբար Սուրիոյ կառավարութիւնը ժահրին տարածումը կանխարգիլելու բոլոր միջոցները ի գործ դրաւ: Նման միջոցներու խիստ կիրառումով եւ առողջապահական ապահովութեան հաստատումով միայն կարելի պիտի ըլլայ կարճ ժամանակաշրջան մը ետք յաղթահարել այս կացութիւնը ու փրկել տնտեսութիւնը անդամալուծութենէ:
Սուրիոյ վարժարաններու եւ համալսարաններու ուսումնական կեանքը եւս կարելի չէ երկար ատեն կասեցուած պահել, անհրաժեշտ է դիմել այլընտրանքային քայլերու եւ Սուրիոյ վարժարաններու եւ համալսարաններու ուսումնական տարին իր աւարտին հասցնելու համար ուսումնական առցանց հարթակներէ օգտուիլ, մանաւանդ նկատի ունենալով այս կացութեան տեւողութեան անորոշութիւնը:
Ազգային մեր կեանքին մէջ ձեռնարկներու, հաւաքական աշխատանքներու սահմանափակումը անհրաժեշտ կը համարուին այս շրջանին: Այս բոլորին կողքին հարկ է տարբեր ձեւերով բարձրացնել հանրութեան ժահրին տարածման կանխարգիլման միջոցներու իմացութեան մակարդակը՝ հնարաւորինս զերծ մնալու անբաղձալի կացութիւններէ:

«Գ.»