Դամասկոս,ՍԱՆԱ- Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան ենթակայ բոլոր ուսումնակրթական հարթակները առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00 աշակերտներուն առցանց (կայքէջերու, Իւթուպի եւ սքայփի միջոցով) եւ պատկերասփիւռի կայաններուն ճամբով խտացուած դասաւանդութիւն պիտի մատուցեն աշակերտներուն եւ պիտի պատասխանեն անոնց հարցումներուն։ Ծրագիրը ի գործ դրուած է պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու համար երկրի բոլոր ուսումնակրթական հաստատութիւններուն փակուելուն հետեւանքով ուսումնառութիւնը այս տարբերակով փոխարինելու համար։

Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի երեք ուսումնական հարթակներէն օրական դրութեամբ 42 դասաւանդութեան պահ կը հրամցուի, իւրաքանչիւրը կէս ժամուան տեւողութեամբ։

Աշակերտը կրնայ իր հարցումը գրառել տեսանիւթին տակ, կամ ուղղակի կապ հաստատելով դասախօսին հետ, որմէ ետք դասախօսները մանրամասնօրէն կը պատասխանեն անոր հարցումներուն։

Հարթակները ամսուն վերջաւորութեան պիտի կազմակերպեն նաեւ առցանց սեմինարներ պաքալորիայի եւ պրովէի աշակերտութեան համար։