Երեքշաբթի, 17 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթի հրապարակած յօդուածը շեշտեց, որ Չինաստան պսակաձեւ ժահրը երկրին մէջ վերահսկողութեան տակ պահելով յաջողեցաւ տագնապը ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի դէմ տեղեկատուական եւ քաղաքական յաղթանակի վերածել։
Յօդուածին մէջ կը շեշտուէր, որ Չինաստանի կառավարութիւնը իր որդեգրած վճռական քայլերուն եւ թափած ջանքերուն շնորհիւ յաջողեցաւ տագնապը ի շահ իրեն օգտագործել՝ հակառակ հրապարակուած ապատեղեկատուութեանց, որոնք կը հաստատէին, թէ Չինաստանի մէջ աղէտալի իրավիճակ կը տիրէ պսակաձեւ ժահրին պատճառով։ Յօդուածը դիտել տուաւ, որ արեւմտեան պետութիւնները դիւրաւ կը քննադատեն ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ընթացքը, բայց եւ այնպէս չեն կրնար ամերիկեան վարչակազմին թերութիւնները կանխել, յատկապէս նկատի չառնել, որ ԱՄՆ չյաջողեցաւ պսակաձեւ ժահրին յառաջացուցած առողջապահական տագնապը յաղթահարել։ Յօդուածին աւարտին, կը յիշուէր, որ Չինաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրին պատճառով մահացողներուն թիւը նուազած է եւ երկիրը սկսած է արդէն օժանդակել ժահրով վարակուած բնակիչներ ունեցող պետութիւններուն, մինչդեռ Եւրոպայի մէջ մահացողներուն եւ վարակուողներուն թիւը աստիճանաբար կը բարձրանայ։