-Մինչեւ Ապրիլի աւարտը ամէն տեղ փակ է։
-Ո՜հ, ի՛նչ լաւ, կինս գնումի պիտի չերթայ, ո՛չ հագուստ, ո՛չ զարդեղէն, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ պայուսակ եւ ոչ ալ քուաֆէր։ Եկող շաբաթները խնայողութեան շաբաթներ հռչակեցինք ուրեմն։ Քիչ մըն ալ տունը նստինք եւ իրարու երես տեսնենք։ Հուռա՜, կեցցէ՛ քորոնան։
***
-Հաւաքոյթներէ խուսափեցէ՛ք։ Տարեդարձի, նշանտուքի կամ հարսանիքի ճոխ խրախճանքներ չկազմակերպէք։ Բոլոր ձեռնարկները չեղեալ նկատեցէք։ Ճամբորդութիւնները յետաձգեցէ՛ք։
-Ամուսնանալու ճիշդ ատենն է ուրեմն։ Մարդ չենք հրաւիրեր ու սուսիկ-փուսիկ հարսնիք կ’ընենք՝ ո՛չ հարազատ, ո՛չ բարեկամ եւ ոչ ալ ընկերներ։ Կեցցէ՛ քորոնան։ Խնայած դրամովս ալ մեղրալոյսի կ’երթանք ու վերջ։ Կարծեմ մեղրալոյսի ալ չենք կրնար երթալ: Ո՜հ, այդ դրամն ալ գրպանս կը մնայ, հուռա՜։
***
-Մի՛ ձեռնուիք, մարդոց շատ մի՛ մօտենաք, ոտքով կրնաք բարեւել ու հեռուէն՝ աչքով-յօնքով կրնաք սէր արտայայտել։
-Ձեռնուելու այս սովորութիւնը արդէն չեմ սիրած ու պիտի չսիրեմ։ Աստուած գիտէ, թէ ձեռքդ սեղմողը նոյն այդ ձեռքով ի՞նչ աղտոտութիւններ ըրեր է։ Բարեւ ըսելը կը բաւէ։  Մեծն Պարոյր Սեւակը շատ խելացի էր։ Ան տարիներ առաջ «Բարեւ» բանաստեղծութիւնը գրած էր եւ կարծէք թէ զգուշացուցած էր ձեռք սեղմելէ։ Հիմա աւելի լաւ հասկցայ այդ բանաստեղծութեան իմաստը։ Ապագան տեսած էր մեր Մեծն Սեւակը։
***
-Ո՛չ դպչիլ, ո՛չ համբուրել, ո՛չ փաթթուիլ եւ ոչ ալ ձեռք բռնել։ Սիրոյ բոլոր զգացումները ձեր հոգիին ու սրտին մէջ պահեցէ՛ք եւ երբ զանոնք արտայայտել ուզէք՝ գիտակցաբար վարուեցէք ու քիչ մը հեռուէն «Քեզ շատ կը սիրեմ» կամ «Իսկապէս կարօտցեր եմ» ըսէք եւ միայն ու միայն օդային համբոյրներ ղրկելով գոհացէք։
-Այս մէկը շա՜տ սիրեցի։ Ամէն մարդ տունը թող նստի ու կնոջ աչքերուն նայելով սիրոյ խոստովանութիւն թող ընէ, բայց առանց դպչելու, հաճիք։ Օդային համբոյրներով գոհացէք ու սիրեցէք զմիմիանց, բայց հեռաւորութիւնը միշտ պահելով։
Կեցցէ՛ քորոնան, որուն շնորհիւ դաւաճանութիւնները, մեղքերն ու սեղանին տակէն գաղտնի մերձեցումները պիտի վերացնէ։
***
-Լուացուեցէ՛ք, յաճախ լուացուեցէ՛ք, դարձեալ լուացուեցէ՛ք, առանց վարանելու լուացուեցէ՛ք, միշտ լուացուեցէ՛ք։
-Մենք արդէն միշտ կը լուացուինք։ Այս հրահանգը օտարերկրացիներուն համար լաւ եղաւ։ Անոնք են, որ նախքան ուտելը կը լուացուին, իսկ ուտելէ ետք միայն թաշկինակով կը սրբուին ու իրենք զիրենք շատ մաքուր կը համարեն։ Է՜հ, ողորմած մեծ մայրս ամէն վայրկեան մեր ձեռքերը լուալ կու տար՝ «Կերածնիդ զիֆիր է, լուացուեցէ՛ք, չըլլայ որ ձեռքերնիդ հոս-հոն քսէք» ըսելով ստուգման ալ կ’ելլէր ու մեր ձեռքերը հոտոտալով դարձեալ լուացարան կը ղրկէր բոլորս։ Է՜հ, նէնէ Ալիս, հիմա եթէ ողջ ըլլայիր՝ առանց վարանելու քեզ կը գրկէի ու այտերդ կը համբուրէի, որովհետեւ քորոնան քեզի մօտենալ չէր համարձակեր։
***
-Հականեխիչ չունի՞ս՝ մեռած կը համարուիս։ Օճառ չունի՞ս՝ գնա՛ մեռիր։ Ջուր չկա՞յ՝ ապրիլդ աւելորդ է։ Թուալէթի թուղթ չունի՞ս՝ դեռ ո՞ղջ ես։
-Հականեխիչ, օճառ եւ թուալէթի թուղթ լեցուցի տանս պահարաններուն մէջ, բայց մոռցայ ուտելիք առնելու։ Հիմա քորոնային դէմ պայքարելու պատրաստ եմ, բայց անօթի փորով ո՞րքան կրնամ տոկալ։ Երեսածածկս ու ձեռնոցներս դնեմ եւ խանութպանին քով երթամ։ Յուսամ տոպրակ մը հաց կը գտնեմ, որ քորոնային պատճառով մեռնելու փոխարէն անօթի չմեռնիմ։
***
-Լաւ որ այս քորոնան արդիականացման դարաշրջանին մէջտեղ ելաւ, թէ ոչ այս թագաժահրէն բռնուելու ու մահանալու փոխարէն՝ ձանձրոյթէն պիտի մեռնէինք։ Ամէն ինչէ հեռու մնալով կամ միս-մինակ տունը նստելով մարդ արարածը ո՞րքան կը դիմանայ։
-Արդիականացման եւ ձեռնահեռաձայնի յաճախակի գործածութեան դէմ եղող մարդիկ կամայ-ակամայ պիտի համոզուին, որ ասոնք մարդկութեան եւ աշխարհին հետ կապ հաստատելու լաւագոյն միջոցներն են ներկայիս, որովհետեւ այդ անյայտ լարերուն մէջ քորոնան տեղ չունի։ Այդ քորոնա կոչեցեալ ախտը տակաւին այդքան չէ արդիականացած, որ համացանցի միջոցով տարածուի: Ուրեմն յաղթեցինք, հուռա՜։
***
-Գնումդ online կրնաս ընել, աշխատանքդ տունէն՝ համակարգիչով, ձեռնա՞րկ՝ կայքէջով, տարեդա՞րձ, նշանտո՞ւք կամ հարսանի՞ք՝ դիմատետրով, ժողո՞վ՝ video callևով, հաւաքո՞յթ՝ Twitter-ով, սուրճ խմել ու բամբասե՞լ՝ massenger-ով։  Ցաւակցագիր կամ շնորհաւորագի՞ր՝ instagram-ով։
-Այո՛, նոյնիսկ Կիրակի օրուան պատարագին ուղիղ սփռումով կրնաս հետեւիլ, չէ որ առածը «Ամէն եկեղեցի գացողը սուրբ չէ…», կ’ըսէ։ Է՜հ, դուն ալ տանդ մէջ կանգնած աղօթէ, մի՛ վախնար, Աստուած կ’ընդունի, եթէ անշուշտ մաքուր սրտով ու խղճով աղօթես։ Մահացող ալ եթէ ըլլայ՝ հոգեհանգստեան արարողութեան համար պատշաճ տարազդ, այսինքն՝ սեւերդ կապէ ու սելֆի մըն ալ նկարելով դիմատետրիդ վրայ տեղադրէ ու բաժնեկցիր մահացողին հարազատներուն սուգը՝ քորոնային շնորհիւ քեզ այպանող չ’ըլլար։ Արեւագալի, Ծաղկազարդի, Աւագ Հինգշաբթիի, Աւագ Ուրբաթի, Յարութեան տօնի եւ բոլոր տաղաւարներու հաւաքոյթներէն հեռու մնալով խունկդ ու մոմդ տանդ մէջ վառէ՛ ու նկարուէ՛։ Նկարդ դիմատետրի story-ին մէջ տեղադրել չմոռնաս, թէ ոչ դիմատետրին դիմաց 24 ժամ նստողները մեղքերուդ հաշիւը կը բռնեն։
***
-Անշուշտ որ պատերազմի դառնութիւնը չհամտեսողին համար շատ դժուար է տունը նստիլ, շուկային մէջ ուզած ապրանքը չգտնել, ճաշարան չերթալ, խրախճանք չընել, ընկերներէն հեռու մնալ, գիշեր-ցերեկ լուրերուն հետեւելով փրկութեան նշոյլ մը փնտռել, ջիղերուն վրայ ապրիլ եւ վաղուան չարագուշակ բօթերը սպասել ու անճար ըլլալ։
-Ա՜խ, ա՜խ, արիւնլուայ վէրքերս բացիր։ Երանի թէ այս անցնող 9 տարիներուն մեր միակ մտահոգութիւնը քորոնան ըլլար, «Բարի եկար, թագաժա՛հր» ըսէինք ու մեր գլուխներուն վրայ թագի պէս կրէինք զայն։ Մեր տեսածը Աստուած թշնամիիս ցոյց չտայ։ Ինը երկա՜ր տարիներ կոտորուեցանք, հազարաւոր զոհեր տուինք, տունէ-տեղէ հեռու մնացինք, հարազատներու կարօտով սիրտ մաշեցուցինք, դուրսէն տեղացող կրակներուն մէջ մեր սրտի կրակը մարել ջանացինք, բայց ինը տարի տեւող մեր դժոխային վիճակին մասին չխօսուեցաւ այնքան, որքան այս ինը օրերուն ընթացքին թագաժահրին ու տարաձայնութիւններուն մասին։
***
Այս հարցի յառաջացման մէջ ձեռք ունեցողներուն, մեղաւորներուն ու իրենց շահերուն ետեւէն ինկողներուն պէտք է հարցնենք՝ «Այս քորոնային գլուխը ե՞րբ պիտի ուտէք»։ Յուսամ շատ երկար չենք սպասեր…
Տիրուկ Մարգարեան-Կարապետեան