Միջինք կը կոչուի այն Չորեքշաբթի օրը, որ կու գայ Քառասնօրեայ Պահեցողութեան կիսուն: Պահեցողութեան ընթացքին մենք կը տկարանանք մարմնով, սակայն Միջինքը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ երբ մենք տկարանանք մարմնով, կ’երթանք ճշմարիտ զօրութեան՝ Աստուծոյ մօտ: Որովհետեւ երբ մենք տկարանանք՝ կ’աղօթենք Աստուծոյ, որպէսզի մեզի զօրութիւնն ու ուժը պարգեւէ պահեցողութեան մնացեալ մասը շարունակելու: Ահաւասիկ այս է Միջինքին պատգամը, յիշեցնել մեզի, թէ մարմնաւոր տկարութիւնը մեր հոգիները կը զօրացնէ եւ մեզ կ’առաջնորդէ դէպի ճշմարիտն Աստուած:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգընտիր Հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Միջինքի մասին խօսելով կ’ըսէ, «Եկեղեցւոյ հայրեր գիտեն, որ հաւատացեալ մարդը ջերմեռանդ հաւատքով կը սկսի քառասնօրեայ պահեցողութեան, բայց օրերու ընթացքին անոր ջերմեռանդութիւնը կը նուազի, եւ այդ պատճառով Միջինքը հաստատեցին, որպէսզի ատիկա յիշեցում մը ըլլայ անոր, թէ արդէն հասած է քառասնօրեայ պահեցողութեան կիսուն, եւ ատիկա խթան մը դառնայ վերարծարծելու իր մէջ հաւատքի ջերմեռանդութիւնը»: Հոս հարկ է ըսել, թէ պահեցողութեան ընթացքին սատանան մեր շուրջը կը դառնայ, որպէսզի մոլորեցնէ մեզ: «Սատանան կրնայ կորուստի մատնել թէ՛ պահեցողը եւ թէ՛ պահեցողութիւնը» (Յովհան Մանդակունի Հայրապետ), ուստի պէտք է ուշադիր ըլլանք եւ երբեք պէտք չէ  առիթ տանք սատանային, որ մեր պահեցողութիւնը խախտէ: Միջինքը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ «եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ մեզի կրնայ հակառակ ըլլալ» (Հռ. 8.31): Ան մեզի կը յիշեցնէ նաեւ, որ Աստուած Ինքն է ճշմարիտ երջանկութիւնը, ուրեմն մեր խանդավառ վիճակին մէջ մնանք, որովհետեւ՝ «Պահքը այն կամուրջն է, զոր մարդս կը կապէ Աստուծոյ» (Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ):
«Միջինք» բառը մասնաւոր կրօնական կամ եկեղեցական յատուկ բառ մը չէ: Անիկա այն բարի լուրն է, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ արդէն կատարեալ յաջողութեամբ կրցած ենք անցընել Քառասնօրեայ Պահքի կէսը: Այս յաջողութիւնը լաւագոյն առիթն է, որպէսզի «քննենք մեր անձերը տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ հաստատուն կը մնա՞նք: Փորձենք մենք մեզ. Քրիստոսի ներկայութիւնը կը զգա՞նք մեր ներսիդին, թէ պարզապէս Քրիստոսի անունը կը կրենք» (հմմտ. Բ. Կր. 13.5): Այս յաջողութեամբ մենք պէտք է մտածենք, թէ բան մը կարողացա՞նք իրագործել այս շրջանին կամ պարզապէս տեղքայլ մըն էր, որ կը կատարէինք: Եթէ կրցանք իրագործել կը նշանակէ, որ շատ մեծ յաջողութիւն մը արձանագրած ենք, իսկ եթէ չկրցանք, պահեցողութեան մնացեալ մասը լաւագոյն առիթն է մեր չկատարածը կատարելու:
Միջինքը այն հոգեւոր սնունդն է, որ մեզի կը տրուի Աստուծոյ կողմէ, որովհետեւ ան մեզի կու տայ ուժ մը, որուն միջոցաւ կրնանք դէմ դնել բոլոր սատանային բոլոր հարուածներուն: Միջինքը մարդուս կը յիշեցնէ, թէ ինք պահքի մէջ է: Միջինքի այս սրբազան առիթին պէտք է, որ մարդ արարածը դադրի մեղք գործելէ, յարատեւ աղօթէ, աղքատին, կարօտեալին, լքուածին եւ անտեսուածին օգնէ, մաքուր կեանք մը ապրի եւ վերջապէս փորձէ դառնալ՝ «այնպիսի մշակ մը՝ որ իր գործերուն համար ամչնալիք բան մը չունի» (Բ. Տմ. 2. 15):
Յաճախ մեր պահեցողութիւն կատարած  շրջանին մարդու կերպարանքով «սատանաներ» կու գան, որոնք կը ծաղրեն մեր կատարած աստուածանուէր պահեցողութիւնը: Ո՞վ մեզմէ չէ հանդիպած այսպիսի փորձութիւններու: Միջինքը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ մենք այդ փորձութիւններուն վրայէն կոխելով անցած ենք եւ յաջողած, ուրեմն ի՞նչ օգուտ ունի անոնց ըրածը: Անոնք միայն իրենց անձերը կը վնասեն, սակայն Աստուծոյ մշակին երբեք ու երբեք չեն կրնար ու պիտի
չկարենան վնասել:
Հոս հարկ կը նկատենք անդրադառնալ հետեւեալ նիւթին. առողջապահական խնդիրներ ունեցող մարդիկ կան, որոնք կը փափաքին պահեցողութիւն կատարել միջինքէն ետք: Այս առնչութեամբ, միջինքը կու գայ անոնց յիշեցնելու, թէ յարմար ժամանակը եկած է պահեցողութեան սկսելու:
ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃՇՄԱՐԻՏ ՄԻՋԻՆՔԸ
Իւրաքանչիւրս պէտք ունի իր կեանքի միջինքը ապրելու, այլապէս չի կրնար որեւէ ձեւով երկինքի ու Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել: Կեանքի միջինք կը նշանակէ դարձ, այսինքն՝ եթէ մենք սխալ ճամբու մէջ ենք մեր կեանքի որեւէ փուլի ընթացքին, պէտք է ապրինք մեր կեանքի միջինքը: Այլ խօսքով բոլորովին փոխուինք եւ մեր հին զգեստները մէկդի նետելով հագնինք նոր, անմաշելի եւ ճշմարիտ զգեստը՝ Քրիստոսը, որ մեզ պիտի առաջնորդէ ճշմարիտ կեանքին՝ Աստուծոյ:
Երբ կը խօսինք Աստուծոյ մասին անկարելի է, որ չանդրադառնանք Անոր գիրքին՝ Աստուածաշունչին: Երբ Աստուածաշունչը ուշադրութեամբ կարդանք, այդտեղ պիտի գտնենք անձեր, որոնք իրենց կեանքին միջինքը ապրած են, այլ խօսքով Ճշմարիտին դարձած են: Այս կենաքի միջինքներէն երկու կարեւորագոյնները կ’ուզենք յիշել.
Ա) Գործք Առաքելոցի 9-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք, թէ Սօղոս (ապագայի Պօղոս Առաքեալը) վայրագօրէն կը հալածէր Քրիստոնեաները քահանայապետին զօրքին օգնութեամբ: Սակայն, երբ ան Դամասկոս կ’երթար իր հալածանքները շարունակելու համար, ճամբուն վրայ անոր կը յայտնուի նոյնինքն Քրիստոս: Այս յայտնութեամբ Պօղոս կ’ապրի իր կեանքին միջինքը եւ դարձի կու գայ (հմմտ. Գրծ. 9.6): Այսպիսով Պօղոս բոլորովին փոխուեցաւ: Ան կը հալածէր Քրիստոնեաները, սակայն դարձէն ետք դարձաւ վահանը Քրիստոնէութեան, ան առաքեալներուն գործերը կը քանդէր, սակայն Քրիստոսի յայտնութենէն ետք, ան դարձաւ առաքեալներուն գործերը ամբողջացնողը, ան Քրիստոսը կ’ուրանար, սակայն իր դարձէն ետք դարձաւ Քրիստոսի մասին աւետողը:
Բ) Ղուկասու Աւետարանին 19-րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք, թէ Զակքէոս մաքսապետը, որ անգութ մէկն էր, իր կեանքի միջինքը կ’ապրի, երբ Քրիստոս սեղանակից կ’ըլլայ իրեն (հմմտ. Ղկ. 19. 1-10): Ան իր դարձէն առաջ դրամասէր, անողորմ եւ անձնասէր էր, բայց երբ ան իր կեանքի միջինքը կ’ապրի բոլորովին կը փոխուի, ան կը դառնայ մարդասէր, ողորմած եւ առատաձեռն:
Այս երկու օգտակար դրուագներով մենք կը տեսնենք, թէ որքա՜ն ազդու է Քրիստոսի յայտնութիւնը մարդուն կեանքին մէջ: Ան նոյնիսկ իր ներկայութեամբ կրնայ մարդս բոլորովին փոխել: Ուերմն,Միջինքը լաւագոյն առիթն է, որ մենք Քրիստոսէն խնդրենք, որ մեր մահկանացու ու տկար մարմիններուն մէջ յայտնուի, որպէսզի մեզ բոլորովին փոխէ եւ աստուածասէր, մարդասէր եւ ողորմած դարձնէ: Խնդրենք Անորմէ, որ մեր մէջ մտնելով մաքրէ ամէն տեսակի ապականութիւն եւ մեզ առաջնորդէ դէպի Կեանք, այլ խօսքով՝ Աստուած:
Այս մութ ու ապականած աշխարհին մէջ բոլորս ալ կարիքը ունինք մեր կեանքի Միջինքը ապրելու, այսինքն՝ այս անիմաստ եւ ոչ-քրիստոսավայել կեանքէն հրաժարելու եւ մեր կեանքին ընթացքը փոխելու: Ի՜նչ գեղեցիկ է այն պահը, երբ կորսուած ոչխարը (մեղաւորը) ինքզինք իր հովիւին (Աստուծոյ) մօտ կը գտնէ: Վստահ, որ հովիւին համար այս կորսուած ոչխարին դարձը աւելի կարեւոր է ուրիշ որեւէ բան է (հմմտ. Մտ. 18. 10-14):
Հետեւաբար, Միջինքը լաւագոյն առիթն է ապրելու մեր կեանքի ճշմարիտ Միջինքը, ամփոփուելու ու մտածելու, թէ մինչեւ այսօր ինչպէ՞ս ապրեցանք եւ ասկէ ետք՝ ինչպէ՞ս պէտք է ապրինք: Այս ուրախ առիթին մեր կեանքի դարձը ապրինք, Աստուծոյ գիրքը ընթերցենք, աստուածասէր դառնանք, նուիրուինք յաւիտենական Աստուծոյ, ապրինք մեր նմանին համար եւ ոչ մէկ ճիգ խնայենք անոր օգնելու ջանքին մէջ: Ահաւասիկ այս է Միջինքին ճշմարիտ պատգամը:
Շանթ Կիս. Սրկ. Գատեհճեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Պիքֆայա, Լիբանան