Արդի արեւմտահայերէն գրողին համար շփոթի մնայուն առարկայ   կը հանդիսանան թիւերը, մասնաւորաբար 7-8-9-10-ի գրաւոր արտայայտութիւնները՝ պարզ թէ բաղադրեալ կառոյցներու մէջ. միւս միաւորները գրեթէ շփոթի տեղիք  չեն տար: Ասոնք ոչ մէկ արեւմտահայ բառարանի մէջ գոհացուցիչ  նշում ունին:  Դասագիրք չունիմ այս պահուս աչքերուս առջեւ, սակայն արեւմտահայ գրողը իր գիտելիքները կը քաղէ ոչ այնքան դասագիրքերէն, որքան բառարաններէն:

—Գայայեան   ոչ  մէկ անդրադարձ ունի ասոնց մասին:

—Ճիզմեճեան ունի՝ եօթը, ութ, ինն, տաս:

—Կռանեան ունի՝  եօթն, ութ, ինն-իննը, տաս(ն):

—Տէր Խաչատուրեան (1992) ունի՝ եօթը-եօթն-եւթն, ութ, ինը-ինն, տասը:

Արդի արեւմտահայը այս խառնարանէն քաղած է իր «գիտութիւնը»:

*  *  *

  1. Գրաբարի մէջ այս թիւերը բոլորովին միօրինակ էին՝ եօթն, ութ, ինն, տասն:

Այսպէս ալ կը ներկայանային այս չորսը բոլոր դիրքերու վրայ  անխտիր:

  1. Աշխարհաբարը բառավերջի «ն» բաղաձայնը ջնջած է հարիւրաւոր բառերու մէջ, օրինակ՝ հարսն-հարս, մատն-մատ, բուռն-բուռ, ուսումն-ուսում, ինքն-ինք, զմելին-զմելի, ապարանջան-ապարանջա(յ) եւ այլն: Թէեւ ածանցումի ու բարդութեան ատեն անոնք կը վերականգնեն այդ կորսուած «ն» բաղաձայնը, ինչպէս՝ բուռ-բռնել, ուսում-ուսումնական, ինք-ինքնութիւն եւ այլն:

Այս հակումին բերումով ալ նշուած թիւերը աշխարհաբար անցած են հետեւեալ կազմով՝ եօթը, ութ, ինը, տասը:

Ծանօթ.– 1. Այս անցումը պատահած է  հետեւեալ ձեւով. գրաբարեանները կ’արտասանուէին՝ եօթըն, ութ, ինըն, տասըն. բառավերջի «ն» բաղաձայնի անկումով՝ մնացած են՝ եօթը, ութ, ինը, տասը  եւ այսպէս ալ գրուած են:  2. Առ այժմ մէկ կողմ կը դնեմ ութ-ը՝ յետոյ վերադառնալու համար անոր:

7, 9, 10 թիւերը կրնան իյնալ բառին մէջ կամ բառին վերջը:

ա) Երբ անոնք  կ’իյնան բառին  վերջը, աներկբայօրէն կը պահեն իրենց աշխարհաբարեան ուղղագրութիւնը՝ տասնեօթը, քսանինը, հարիւր տասը:

Որեւէ այլ գրելաձեւ մերժելի է:

բ) Երբ անոնք կ’իյնան բառին մէջը, այս պարագային կը վերականգնենք գրաբարեան սկզբնաձեւերը, քանի աշխարհաբարը ածանցումն ու բարդումը կը կատարէ գրաբարեան արմատներով ու կաղապարներով. ուրեմն՝ եօթներորդ, իննական, տասնապետ:

Այս երկուքը համադրուած կը գտնենք  իննսունինը-ին մէջ. բառին մէջ կը գտնենք ինն, իսկ վերջը՝ ինը:

Այս ծիրէն ներս ամէնէն աւելի հանդիպող սխալներն են՝ եօթն, ինն կամ տասն ձեւերու անկախ  կիրարկութիւնը գոյականի մը առջեւը. օրինակ՝ եօթն տարի, ինն կամ իննը ոսկի, տասն անգամ եւ այլն, ուր պէտք է  ունենայինք՝ եօթը տարի, ինը ոսկի, տասը անգամ:

Կամ բարդ թիւերու վերջը սապիսիները՝ տասնինն  կամ -իննը, քսանեօթն կամ -եօթ,  հարիւր տասն   կամ –տաս եւ այլն, որոնք, ինչպէս ըսինք, մերժելի են:

*  *  *

 

Փոխանունութիւն      

Հայերէնի մէջ որեւէ բառ, որեւէ հնչիւն, լեզուական որեւէ արտայայտութիւն որոշիչ  «ն» կամ «ը» յօդը առնելով կ’առարկայանայ, այսինքն՝ կը վարուի գոյականի մը պէս. օրինակ փոխանակ ըսելու «մեծ տղան», կրնամ ըսել «մեծը», որ առանձին կը նշանակէ  «մեծ տղան»:   Եւ այս «մեծը», որ ծագումով ածական մըն է, հիմա կը կիրարկուի իբրեւ գոյական. օրինակ՝ «Մեծը ճամաբորդեց, պզտիկը տունը մնաց»:       Մեծը եւ պզտիկը կը կոչուին փոխանուն ածական, այսինքն՝ ածականէ յառաջացած ու զայն  փոխարինող անուն կամ գոյական:

Այս նոյն յատկութիւնը ունին թիւերը եւս. օրինակ՝ «Չորս ընկոյզ ունէի, երեքը կերայ»:

«Երեքը»   փոխանուն մըն է եւ կը նշանակէ «երեք ընկոյզ»:

Ուրեմն՝ փոխանուն կրնան դառնալ նաեւ եօթը, ինը, տասը բառերը՝ եօթըն, ինըն, տասըն, այսինքն՝ եօթն, ինն, տասն:  Օրինակ՝

«Տասը տետրակ ունէի, եօթն տուի քրոջս»:

«Քսան աշակերտներէն ինն բացակայ են»:

«Երեսուն օրուան տասն տունը անցուց»:

Ահա այստեղ ալ կը սկսի մեծ շփոթը եւ ծուղակը. այս վերջին եօթն, ինն, տասն աշխարհաբարեան յօդաւոր փոխանունները  ձեւով նոյնացան գրաբարեան եօթն, ինն, տասն բացարձակ թուականներուն հետ, որոնք գոյական չեն եւ յօդ չեն կրեր:  Եթէ այս նմանութեան ետին գտնուող տարբերութիւնը չըմբռնենք կամ ի մտի չունենանք, ապա դատապարտուած ենք միշտ զառածելու եւ ամէն տեսակ սխալ գործելու:

*  *  *

Ութ բառը, ուրեմն, կը գրուի առանց  ը-ի կամ ն-ի: Այդպէս էր նաեւ հնդեւրոպերէնի մէջ, որուն լաւագոյն վկաներն են ֆրանսերէն  huit եւ անգլերէն eight   բառերը: Մինչ միւս երեքը՝ 7, 9, 10,  իրենց վերջը ունէին ռնգային  n կամ m բաղաձայնները, որոնք միանուագ ն տուած են հին հայերէնի մէջ:

        Իր այս գրութեան բերումով ալ ութ-ը սկզբունքով պէտք է զերծ ըլլար  միւս երեքին առնչուող շփոթներէն ու երկուութիւններէն:  Սական աս ալ իր  հարցերը ունի:

Ծայրայեղ արեւմտեաններ, օրինակ՝ Բ. Թաշեան,  կը պահանջեն որ ան պահէ իր ութ սկզբնական ձեւը. օրինակ՝ ութ օր, ութ տետրակ, ութ ոսկի, տասնութ եւ այլն:

Իր այս կուսական ձեւով՝ իբրեւ փոխանուն կու տայ ութն եւ ոչ ութը, ինչպէս կը սպասուէր. օրինակ՝ «Տասը  մատիտ ունէի, ութն գործածեցի»: Ոչ՝ ութը: Մինչդեռ այլ թիւեր ը-ով կը կազմեն իրենց փոխանունը. Օրինակ՝ երկու-երկուքը, երեք-երեքը, չորս-չորսը, հինգ-հինգը, վեց-վեցը, սակայն՝ ութ-ութն:

Տեսական այս համակարգը խախտած են Այտընեանն ու Աճառեանը. երկուքն ալ աշխարհաբարի համար կ’ընդունին ութը բացարձակ ձեւը՝ ութ-ին փոխարէն: Այս զիջումը թելադրուած է մասամբ միւս երեքին արտասանութենէն եւ անոնց հետեւողութեամբ, քանի անոնք կ’աւարտին ը-ով. ուրեմն՝ եօթը, ութը, ինը, տասը…: Այսպէս է, քանի լեզուն նոյնացումի, միօրինակութեան կը հետամտի: Զայն ընդունած է Յակոբ Չոլաքեանը եւս: Ուրեմն եթէ մեր արդի  աշակերտները եւ…մտաւորականները գրեն ութը (ութը օր, ութը մատիտ), մեղանչած չեն ըլլար լեզուի ոգիին, նոյնիսկ եթէ մեղանչած ըլլան անոր…տառին:

Այս պարագային եւս փոխանունը կ’ըլլայ ութն:

Յարացոյցը՝ եօթը-եօթն, ութը-ութն, ինը-ինն, տասը-տասն:

*  *  *

Բարեշրջում

Ժամանակին հետ գրաբարեան բառավերջի «ն» բաղաձայնի ջնջումը սկսաւ ընդգրկել  բարդ թիւերու սկիզբը գտնուող գրաբարեան եօթն  եւ  տասն բառերը եւս՝ տալու համար եօթ եւ տաս:

Ծանօթ.– Մարզանքի ուսուցիչ մը ունէինք,– հաւանաբար դուք եւս,– որ շատ ռազմական շեշտով մը  կ’արտասանէր՝ եօթ-ութ-ին-տաս: Անշուշտ օրինաչափական չէ այս, այլ միայն…մարզակա՜ն: Բայց եւ այնպէս բարացուցակա՜ն է:

Արեւելահայերէնի մէջ եօթը ընդմիշտ դարձած է եօթ[1]: Մեր մէջ տակաւին տատանում կայ հետեւեալ զոյգերուն միջեւ՝ եօթներորդ-եօթերորդ, եօթնական-եօթական, տասներորդ-տասերորդ, տասնական-տասական:

          Ընդ որում՝ պէտք է ընդունիլ, որ եօթնական եւ  տասնական  օրինաչափ ձեւերը  սկսած են ծանր հնչել: Մինչ եօթներորդ եւ եօթերորդ  թերեւս հաւասարապէս փայփայիչ են,   ճնշիչ է սակայն տասներորդ-ը, եւ աւելի թեթեւ ու առոյգ է  տասերորդ-ը:

Ինը սկզբնաձեւը եւ ինն փոխանունը առայժմ անվթար կը մնան…եթէ ձգող ըլլայ:

Եզրակացութիւն

Ուրեմն  լեզուն վերոնշեալ չորս բառերուն առնչութեամբ կը գտնուի անցման շրջանի մը մէջ: Այստեղ երեւցող երկձեւութիւնները անհատական բնոյթ չունին, այլ պազապէս պատմական հոլովոյթի մը, բարեշրջումի մը արդիւնք են: Թէ ե՞րբ կը կայունանան անոնք  եւ ի՞նչ ձեւի տակ,– չենք գիտեր:

          Ծանօթագրութիւն.

  1. Արեւելահայերէնը ուան հոլովումը չունի, այլ ունի ուայ. օրինակ՝ վաղուայ, այսօրաույ, գիշերուայ, որոնք սեռական կը նկատուին: Ասոնց ուան աւարտող ձեւը՝ վաղուան, այսօրուան, գիշերուան, որ օժտուած է «ն» յօդով,  կը նկատուի տրական:
  2. 2. Յատկանշական է, որ ասոնց հակառակը՝ կը գտնենք աշխարհաբարեան բառեր, որոնք գրաբարին վրայ աւելցուցած «ն» բաղաձայնը.  օրինակ՝ դու-դուն, մեք-մենք,  երթամք-երթանք, երգեմք-երգենք:

Իսկ արեւելահայ բառարանները չեն վարանիր հաւասարապէս  ընդունելու ութերորդ-ը եւ ութներորդ-ը:

Արմենակ Եղիայեան