Ուրբաթ, 20 Մարտ 2020-ին, Չինաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ երկրին մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող պարագաներ չկան եւ ընդհանուր բուժուողներուն տոկոսը հասած է 80%-ի։
Չինական Կառավարութեան Առողջապահութեան Խորհուրդը յայտնեց, որ Չինաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողները տեղացիներ չեն՝այլ երկիրներէ Չինաստան ժամանող ճամբորդներ են։ Անոնց թիւը հասած է 39-ի, որոնցմէ 3-ը՝ մահացած է։