Մայր իմ քնքուշ, հեզ ու բարի,
Հատորն ես իմ փոքրիկ սրտի,
Ապրէ՛ առողջ, երկա՜ր տարի,
Դուն ստեղծիչ կիրթ սերունդի:
Գիշեր ատեն՝ դուն իմ լուսին,
Իսկ ցերեկը՝ իմ արեգակ,
Առանց քեզի ու քու լոյսին,
Կենաքս կ’ըլլայ անլոյս համակ:
Սուրբ օճախն ես իմ մայրենի,
Սիրոյ դպրոց շնորհալի,
Հոգատար ես, շատ սիրելի,
Կը ցանես միշտ արարք բարի:
Դուն պահապան հրեշտակի պէս,
Զիս չարքերէ կը պահպանես,
Չարիք, փորձանք դուն չտեսնես,
Աստուած ըլլայ պահապան քեզ:
Մէյրի Ինճէճիքեան
Ը. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան