Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան եւ Գիտահետազօտութեան Նախարարութեան բժշկութեան ուսումնարանը քաղաքացիները նախազգուշացնելու համար պսակաձեւ ժահրին մասին հետեւեալ մանրամասնութիւնները հաղորդեց.
Պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրի ախտանշանները.-
1-Ջերմութիւն
2-Ուժասպառութիւն
3-Չոր հազ
4-Մկանային ցաւեր
5-Քթահոսութիւն կամ շնչուղիներու խցանում
6-Կոկորդի բորբոքում
7-Շնչառութեան դժուարութիւն
Ինչպէ՞ս նախազգուշանալ պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրէն։
1-Ձեռքերը տեւաբար ջուրով եւ օճառով լուալ:
2-Հազի կամ փռնգտոցի պարագային բերանը ծածկել թաշկինակով:
3-Մսեղէններն ու հաւկիթը լաւ եփել եւ հում չպահել:
4-Շնչառական հարց ունեցողներուն հետ ուղղակի շփումներէ խուսափիլ:
5-Պէտք է շուրջ մէկ մեթր հեռաւորութիւն պահել մեր եւ ուրիշներու միջեւ, մասնաւորաբար անոնց, որոնք շնչառական հարցեր ունին:
Ճամբորդութեան պարագային.-
Հետեւեալները կը թելադրուին անոնց, որոնք պիտի ուղղուին դէպի այն երկիրները, որոնք հաստատած են սպակաձեւ «քորոնա» ժահրէն վարակուածներու առկայութիւնը իրենց երկիրներուն մէջ.
1-Հեռու մնալ անասուններու հետ ուղղակի շփումէն եւ անասնային արտադրութիւններէ կամ անասուն ծախող շրջաններէ:
2-Հեռու մնալ շնչառական հարցեր ունեցողներէ, իսկ շնչառական ախտանշաններ ունենալու պարագային.
ա- Տունը մնալ եւ որեւէ անձի հետ շփում չունենալ:
բ- Հազի կամ փռնգտալու ընթացքին քիթն ու բերանը ծածկել թաշկինակով:
գ- Ձեռքերը միշտ մաքուր պահել՝ նուազագոյնը 20 երկվայրկեան օճառելով կամ հականեխիչ հեղուկներ օգտագործելով:
դ- Նման պարագաներու նախընտրելի է չճամբորդել եւ անմիջապէս բժշկական կեդրոններ ուղղուիլ:
Ձերռքերը ճիշդ հականեխելու միջոցը.-
1-Օճառը տարածել ամբողջ ափին մէջ եւ ափերը իրար շփել:
2-Անհրաժեշտ է օճառել մատներուն մէջի բացութիւնը եւ եղունգները:
3- 20 երկվայրկեան օճառելէ ետք ձեռքերը լաւ չորցնել եւ խոնաւ չպահել:
Ե՞րբ պէտք  է ձեռքերը լուալ։
1-Նախքան որեւէ ուտելիք բռնելը կամ ուտելը
2-Նախքան ուտելիք պատրաստելը, պատրաստելու ընթացքին եւ աւարտելէ ետք
3-Հազալէ եւ փռնգտալէ ետք
4-Նախքան հիւանդի խնամելն ու ետքը
5-Զուգարանէն ելլելէ ետք
6-Աղբամանին դպչելէ ետք
7-Անասուն շոյելէ ետք
8-Փոքրիկներուն տակաշոռը փոխելէ ետք:
Ի՞նչ Ընել Պսակաձեւ «Քորոնա» ժահրի ախտանշանները ունենալու պարագային։
1-Ամենամօտ հիւանդանոցը կամ բշժկական կեդրոնը ուղղուիլ
2-Բժշկական դիմակ օգտագործել
3-Դիմակը երբեք չշօշափել
4-Զգոյշ ըլլալ, հազալու եւ փռնգտալու ընթացքին թաշկինակ օգտագործել եւ զայն անմիջապէս թափել
5-Թաշկինակ չգտնուելու պարագային չօգտագործել ձեռքերը, այլ բազուկը թեքել:
Ընդհանրացած հարցումներ եւ անոնց պատասխանները.-
1-Կարելի՞ է կատարեալ բուժում ստանալ պսակաձեւ «քորոնա» ժահրէն:
Պ.- Մինչեւ օրս բուժուողներուն տոկոսը հասած է աւելի քան 90%-ի:
2-Քորոնայի պատուաստ կը գտնուի՞
Պ.-Մինչեւ օրս քորոնայի պատուաստ չէ գտնուած՝ նոր ժահր ըլլալուն պատճառով: Աշխարհի չորս կողմը գտնուող գիտահետազօտողները կը շարունակեն յարմար պատուաստը գտնելու փորձեր կատարել:
3-Այս հիւանդութիւնը բուժում ունի՞:
Պ.- Մասնաւոր բուժում չունի պսակաձեւ «քորոնա» ժահրով վարակումը, սակայն կարելի է զայն յաղթահարել առողջութեան վերահսկողութեամբ:
4-Կարելի՞ է փոխանցուիլ թղթոսկիներ կամ մետաղեայ դրամներ բռնելով:
Պ.-Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն համաձայն, ժահրը չի կրնար թղթոսկիներէն կամ մետաղեայ դրամներէն փոխանցուիլ, որովհետեւ պսակաձեւ ժահրը մետաղեայ կամ թղթեայ մարմիններուն վրայ քանի մը ժամ կը մնայ միայն: Նախընտրելի է թղթադրամ կամ մետաղեայ դրամ օգտագործելէ ետք 20 երկվայրկեան ձեռքերը լուալ, ետքը հականեխիչ հեղուկներ օգագործել:
5-Ճի՞շդ է, որ 27 ջերմաստիճանի մէջ պսակաձեւ ժահրը կը չքանայ:
Պ.- Ճիշդ է, որ պսակաձեւ ժահրը կամ այլ ժահրեր, ինչպէս սովորական հարբուխի ժահրը, պաղ ջերմաստիճանի մէջ կը տարա- ծուին, սակայն այս չի  նշանակեր, որ տաք ջերմաստիճանի մէջ կը վերանան: Մինչեւ օրս ստոյգ պատասխան չկայ այս հարցումին:
6-Ժահրը կը փոխանցուի՞ մժեղի խայթոցով:
Պ.- Ոչ, պսակաձեւ ժահրը մժեղի խայթոցով չի փոխանցուիր:Պսակաձեւ ժահրը շնչառական համակարգի ժահրերէն մէկն է, որ կը փոխանցուի փռնգտալու կամ հազալու ընթացքին բերնէն դուրս եկած լորձունքին միջոցով:
Արաբերէնէ թարգմանեց
Մարէն Պապեան