Սուրիական կառավարութիւնը կը շարունակէ պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշանալու միջոցներ որդեգրել եւ առողջ միջավայր ապահովել քաղաքացիներուն համար: Այս առիթով Սուրիոյ կառավարութիւնը Շաբաթ, 21 Մարտ 2020-ին գումարած իր արտակարգ նիստին որոշեց բոլոր նախարարութիւններուն եւ իրեց ենթակայ տնօրէնութիւններուն աշխատանքը դադրեցնել Կիրակի, 22 Մարտ 2020-էն սկսեալ, ցնոր տնօրինում, որպէսզի կարելի սահմաններուն մէջ քաղաքացիներուն համախմբումը կանխէ:
Որոշումը կ’ընդգրկէ նաեւ աշխատանքի ժամերը նուազեցնել այն հաստատութիւններուն կամ տնօրէնութիւններուն, որոնց աշխատանքը անհրաժեշտ կը համարուի:
Կառավարութիւնը կոչ ուղղեց նաեւ Սուրիոյ բոլոր նահանգապետներուն քաղաքները, առեւտրական, ծառայողական, մշակութային եւ ընկերային գործունէութիւնները դադրեցնել, բացառուած համարելով ուտեստեղէն վաճառող խանութները, դեղարանները, բժշկական կեդրոնները՝ քաղաքացիներուն կարիքները ապահովելու համար: