Շաբաթ,21 Մարտ 2020-ին, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իրանի ուտեստեղէնի եւ դեղորայքի կազմակերպութեան նախագահ Մուհամմէտ Ռիտա Շանա Սազ յայտնեց, որ Իրան յաջողեցաւ արտադրել պսակաձեւ ժահրին դէշ դնելու դեղը, որ պիտի տարածուի յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին:
Սազ յայտնեց, որ դեղին յատուկ նախնական նիւթերը Իրան ներմուծուած են արդէն, շեշտելով, որ Իրան լծուած է դեղի արտադութեան աշխատանքին:
Իրանցի պատասխանատուն հաստատեց, որ դեղը փորձուեցաւ զանազան պարագաներու վրայ եւ ստացաւ արտադրութեան համապատասխան արտօնութիւն: