1- Զերծ մնալ մօտիկ շփումներէ այն անձերուն հետ, որոնք շնչառական հիւանդութեան ախտանշաններ ցոյց կու տան։

2- Ձեռնոցներ կրել եւ օրական դրութեամբ փոխել կամ լուալ զանոնք։

3- Յաճախակի կերպով ձեռքերը լուալ օճառով։ Լուալու գործողութիւնը պէտք է տեւէ 2-3 վայրկեան։

4- Օրական դրութեամբ լուալ օգտագործուող անձեռոցներն ու սրբիչները։

5- Խուսափիլ վերելակներու կամ դռներու բռնիչներուն դիպչելէ առանց ձեռնոցի կամ հականեխիչ դեղի օգտագործման։ Հականեխիչ դեղերով մաքրել գրասեղաններն ու օգտագործուող տարբեր կազմածներու մակերեսները, նոյնիսկ ձեռնահեռաձայններուն մակերեսը։

6- Հազալու եւ փռնգտալու պահուն թաշկինակով ծածկել քիթն ու բերանը։

7- Ճիշդ ձեւով օգտագործել բժշկական դիմակները։

Եթէ դիմակին ճերմակ հատուածը դէպի ներս է, ուրեմն դուք հիւանդ էք և չէք ուզեր վարակել ուրիշները։ Իսկ եթէ ճերմակ մասը դէպի դուրս է, ուրեմն դուք առողջ էք եւ կ՚ուզէք պաշտպանուիլ ժահրէն կամ հիւանդ մարդոցմէ։

Կապոյտ կամ այլ գոյնով ներկուած հատուածը կը պաշտպանէ բերանը եւ քիթը այլ հեղուկներու ներթափանցումէն (օրինակ, փռնգտոցէն կամ հազէն դուրս մղուած թուքէն և այլն)։

Իսկ ճերմակ կողմը՝ զտիչ է, շնչառութեան ընթացքին կ՚արգիլէ մանրէներուն եւ ժահրերուն մուտքը շնչուղիներ։ Այս պատճառով ալ անհրաժեշտ է դիմակը կրել գունաւոր հատուածը դէպի դուրս պահելով։

Բժիշկները կը թելադրեն ձեռքերը օճառով լուալ նախքան դիմակ հագնիլը եւ մէկ դիմակը չօգտագործել 2 հոգիի համար։

8- Նախընտրութիւն տալ տունը պատրաստուած ճաշերուն։

9- Փռնգտոցի կամ հազի պարագային օգտագործուած թաշկինակները անմիջապէս աղբաման թափել։

10- Խուսափիլ կենդանիներու հետ շփում ունենալէ։