Մինչ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարար Նիզար Եազճի Սուրիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուող առաջին պարագան յայտարարեց, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Իմատ Սարա նախարարութեան յարկէն ներս ժողով մը գումարեց սուրիական «Ուաթան», «Թշրին» եւ «Սաուրա» թերթերու խմբագիրներուն ներկայութեան՝ արծարծելու տպագիր թերթերու հրատարակման ու ցրուումի կարելիութիւնները: Կողմերը խորհրդակցելէ ետք հաստատեցին, որ գիտականօրէն փաստուած է, թէ թուղթի ճամբով պսակաձեւ ժահրը կրնայ արագօրէն փոխանցուիլ, հետեւաբար նախարարութիւնը որոշեց սուրիական տպածոյ թերթերու հրատարակումը եւ ցրուումը դադրեցնել, եւ թելադրել, որ խմբագրութիւնները բաւաւարուին միայն իւրաքանչիւր թերթի համացանցային տարբերակով՝ ցնոր տնօրինում: