“Արմէնփրէս”._ ՀՀ տնտեսութեան փոխնախարար Վարոս Սիմոնեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն ԵԱՏՄ եւ այլ երկիրներ կատարուած սննդամթերքի արտահանման ընթացքին վարակուած ապրանքներ չեն յայտնաբերուած։
«Մեր երկրէն դեպի ԵԱՏՄ եւ այլ երկիրներ սննդամթերքի, գիւղատնտեսական, ինչպէս նաեւ այլ տեսակի արտադրանքներու արտահանում կատարուած է։ Պսակաձեւ ժահրի տարածման այս շրջանին հսկողութիւն ընդունող երկիրներուն մէջ ՀՀ-էն վարակուած ապրանք չէ յայտնաբերուած եւ արտածումի արգելք չէ դրուած։ Այս ընթացքին դէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն ՀՀ-էն արտահանում չէ եղած», յայտնեց Սիմոնեան։