Երկուշաբթի, 23 Մարտ, 2020-ին, «Ուաթան» հրապարակեց Դամասկոսի «Միտատ» հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութիւնը, ուր պսակաձեւ ժահրը Սուրիոյ համար թէ՛ սպառնալիք, եւ թէ նորոգումի առիթ համարուած էր: Սպառնալիք կը համարուէր այն իմաստով, որ պսակաձեւ ժահրը երկար տեւելու կամ Սուրիոյ մէջ տարածուելու պարագային Սուրիոյ կառավարութիւնը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման պիտի դնէ եւ դժուարութիւնները երեւան հանէ: Այդ մէկը պիտի պահանջէ պետութեան կողմէ մեծ քանակով բժշկական կազմածներու, տարրալուծարաններու, դեղորայքի ու սննդեղէնի ապահովումը, ինչպէս նաեւ այլընտրանքներու որոնումը փոխադրութեան, հաղորդակցութեան, ուսման եւ աշխատանքի հարցերը լուծելու համար: Իսկ լաւ առիթ կը համարուի մէկէ աւելի պատճառներով:
Առաջին՝ նախազգուշանալով, պսակաձեւ ժահրի տարածման հնարաւորութիւնը պիտի նուազի, երկրորդ՝ ժողովուրդը մօտէն պիտի հետաքրքրուի պետութեան ընդհանուր քաղաքականութեամբ, իսկ պետութեան կայուն քաղաքականութիւնը պիտի վերամրագրէ անոր նկատմամբ վստահութիւնը, երրորդ՝ ժահրին յառաջացուցած վախն ու սպառնալիքը «խմբային աշխատանքի» գաղափարը պիտի ամրապնդեն Սուրիոյ ժողովուրդին մօտ եւ առիթ ընծայեն պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած հեռաւորութիւնները մօտեցնելու հաւաքականութեան տարբեր խաւերուն միջեւ, ընկերային միջավայրին մէջ գործակցութեան նոր եզրեր ստեղծելու, ժողովուրդին եւ կառավարութեան միջեւ կամուրջ հաստատելու եւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու: Ուսումնասիրութեան համաձայն, երկիրը յառաջիկայ փուլին վկայ պիտի դառնայ պետութեան յատկապէս ներքին քաղաքականութեան բարելաւման: Սուրիացիներու շարքերուն մէջ առողջութիւնը, ամուսնութիւնը, ծնունդը, բնակչութեան բազմութիւնը կամ նուազումը, գաղթը, ընկերային կամ քրէական օրէնքներու բարեփոխումը կառավարութեան կիզակէտին մէջ պիտի յայտնուին բնականաբար:
Անշուշտ այս ժահրին դէմ պայքարելու միջոցները պիտի նպաստեն ուսումնակրթական մարզին եւ տեղական արտադրութեանց զարգացման նոր ուղիներու որոնումին: