«Էրմէնիհապեր».- Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ազատութեան հարցերու ԵԱՀԿ ներկայացուցիչ Հարլէմ Տեզիր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ լրագրողներու ձերբակալութեան վերջին դէպքերուն մասին:
Խօսքը Թուրքիոյ Պարթըն շրջանին մէջ հրապարակային գործունէութիւն ծաւալող «Ժողովուրդ» (Halk) եւ «Կողմնացոյց» (Pusula) թերթի 7 լրագրողներուն, ինչպէս նաեւ թերթի հիմնադիրին եւ խմբագիրին մասին է, որոնք ձերբակալուած էին պսակաձեւ ժահրի համավարակի թեմայով տեղեկութիւն լուսաբանելու պատճառով:
Տեզիր այս առումով յայտնած է․ «Ճգնաժամային իրավիճակին մէջ լրատուամիջոցները շատ կարեւոր դեր կը խաղան: Հանրութեան կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդեն, կը պայքարին կեղծ լուրերու տարածման դէմ եւ համավարակի մասին հանրօգուտ հարցերու շուրջ տեղեկոյթ կը տրամադրեն»:
Տեզիր ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններուն յիշեցուցած է, որ պսակաձեւ ժահրի դէմ իրականցուող հրատապ նախաձեռնութիւն պէտք է ըլլայ՝ համաչափ եւ խտրականութենէ զերծ մնալով:
Նշենք, որ ձերբակալուած լրագրողները արդէն ազատ արձակուած են: