«Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ նոր տիպի պսակաձեւ ժահրի տարածման հետ կապուած Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են 65 տարեկանէն բարձր եւ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող անձերու փողոց ելլելը արգիլել:
21 Մարտին ներքին գործոց նախարարութիւնը բոլոր 81 նահանգապետարաններուն շրջաբերական ուղարկած է` տեղեկացնելով 65-ը անց անձերու փողոց ելլելու արգելքին` 22 Մարտէն կիրառութեան մէջ մտնելը:
Այնուհետեւ լրացուցիչ գրութիւններով Թուրքիոյ ՆԳՆ-ն որոշ բացառութիւններ մտցուցած է սահմանափակման մէջ:
Ըստ այդմ` կարգ մը 65-ը անց ու քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող անձեր այնուամենայնիւ կրնան փողոց ելլել: Անոնց մէջ կը մտնեն փողոց ելլելու ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն ունեցողները, պետական ծառայողները եւ դեղագործները: