«Արմէնփրէս».- ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտնած է, որ Հայաստան ապահոված է աշխարհի մէջ պսակաձեւ ժահրին դէմ առնուազն փորձառական մակարդակով կիրառուող այն դեղամիջոցները, որոնք դրական արդիւնք ցոյց տուած են բուժման առումով:

«Մենք արդէն ունինք այն բոլոր դեղամիջոցները, որոնք, առնուազն փորձառական մակարդակով, աշխարհի մէջ հիմա կը կիրառուին այս հիւանդութեան բուժման համար: Ապացուցողական տուեալները այնքան մեծ չեն, որ մենք հարիւր տոկոսով վստահ ըլլանք, թէ ո՛ր դեղը կը բուժէ այս հիւանդութիւնը, սակայն այն բոլոր դեղերը, որոնք աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ցոյց տուած են որեւէ արդիւնք, մենք այս պահուս ունինք նաեւ մեր զինանոցին մէջ եւ անոնք կ’օգտագործուին», ըսաւ Թորոսեան: