«Արմէնփրէս».- Ճափոն կրնայ միայն մէկ տարիով յետաձգել Թոքիոյի 32-րդ ամառնային Ողոմպիական խաղերը:
Sankei պարբերականին հաղորդումով, կազմակերպիչները միայն մէկ տարիով կրնան յետաձգել խաղերը, որովհետեւ 2022 թուականին պէտք է տեղի ունենան ձմեռնային ողոմպիական խաղերը Փեքինի մէջ: Յառաջիկայ օրերուն Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէն հեռաձայնային զրոյց պիտի ունենայ ՄՈԿ-ի նախագահ Թոմաս Բախի հետ, եւ շատ բան կախեալ է այդ զրոյցէն: