«Երկիր».- South China Morning Post-ով Շանկհայի փորձառական խումբի ղեկավար, չինացի առաջատար վարակաբան Չժան Վենխունի կարծիքին համաձայն, Եւրոպան համաճարակը պիտի յաղթահարէ երկու տարի ետք: Ամէն ինչ, ըստ անոր, կախեալ է զայն դիմակայելու համաշխարհային ջանքերէն:
Վարակաբանը կը համարէ, որ հարկաւոր են՝ «արտակարգ արմատական նախաձեռնութիւններ», օրինակ` մէկ ամիսով արգիլել մարդոց տեղաշարժը ամբողջ աշխարհին մէջ, թէեւ կը խոստովանի, որ այդ մէկը իրականցնելը դժուար է:
Վարակաբանը նաեւ պատմած է, որ Չինաստանի մէջ համաճարակի տարածման սկզբնական շրջանին տօնակատարութեան պատճառով փակ էին բազմաթիւ հիմնարկներ ու ձեռնարկութիւններ, եւ այդ առիթ տուաւ վարակի տարածումը կասեցնելու: