«Երկիր».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի իր էջով յայտնեց, որ 24 Մարտ 2020-ին Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներու 41 նոր պարագայ արձանագրուած է:
«Պարագաներուն ծաւալը եւ աշխարհագրութիւնը որոշակի անհանգստութիւններ կը յառաջացնեն: Կոտայքի մարզի արտադրական ձեռնարկութեան, Երեւանի Էրեբունի համայնքին մէջ գտնուող արտադրական ձեռնարկութիւններուն մէկուն մէջ յայտնաբերուած է պսակաձեւ ժահրի դէպք: Վարակուած 235 անձերէն 26-ը ունին թոքերու բորբոքում, բայց անոնց վիճակը վերահսկելի է: Անոնց մեծ մասը տաքութիւն չունի», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
ՀՀ վարչապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը այսօր յայտարարած է, որ աշխարհի մէջ հիւանդութիւնը նոր թափ կը ստանայ եւ պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն թիւը շուրջ 300 հազարի հասած է: