Երեքշաբլի, 24 Մարտ 2020-ին Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաստատեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին նախարարութեան պատկանող տարրալուծարաններէն ներս տեղի ունեցաւ պսակաձեւ «քորոնա» ժահրով վարակուող կասկածելի պարագաներու քննութիւններ, որոնց արդիւնքը ցոյց տուաւ, որ անոնք ժահրով վարակուած չեն եւ առողջ են։
Նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը յայտնեց, որ վարակուող պարագայ գտնուելու պարագային նախարարութիւնը անմիջապէս պիտի յայտարարէ, ապա կոչ ուղղեց ժողովուրդին տունը մնալու եւ կառավարութեան թելադրանքներուն հետեւելու։