Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, նախորդ 24 ժամուան ընթացքին պսակաձեւ ժահրով վարակուողներուն 58%-ը արձանագրուած է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ։
Կազմակերպութեան բանբեր Մարկարէթ Հարէս յայտնեց, որ յիշեալ երկու պետութիւններուն մէջ վարակուողներուն թիւը կը բարձրանայ, ինչ որ այդ երկիրները համավարակի կեդրոնի պիտի վերածէ։