Պսակաձեւ ժահրի դիմակայման համար կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած նախազգուշական քայլերու շրջագիծէն ներս, ինչպէս նաեւ հանրային առողջութեան և քաղաքացիներուն ապահովութեան մեկնակէտէն ելլելով, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ողջ տարածքին մասնակի պարէտային ժամ կը սահմանէ երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչև առաւօտեան ժամը 6:00, Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-էն սկսեալ՝ ցնոր տնօրինում:

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը կոչ կ՚ուղղէ քաղաքացիներուն ինքնակամ յարգելու պարէտային ժամուն դրութիւնը։ Պարէտային ժամը խախտողները օրինական պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին:

Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւն