Հալէպի Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի հետ գործակցութեամբ 20 Մարտին ՀՀ Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը Հալէպի Հայ Ծերանոցին, Դարմանատուն ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցած է բժշկական պիտոյքներ: Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ․ Վարչութեան անդամները եւ Դարմանատան ընկերաբժշկական կեդրոնի պատասխանատուները երախտագիտութիւն յայտնած են հայ բժիշկներուն թէ՛ տրամադրուած բժշկական պարագաներուն, թէ՛ Հայ Ծերանոցին, Դարմանատուն ընկերաբժշկական կեդրոնին եւ շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններէն ներս ամէնօրեայ դրութեամբ ցուցաբերուող բժշկական օժանդակութեան համար: Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի պետ, սպայ Ֆայեզ ալ Այուպի բարձր գնահատած է հայ եւ սուրիացի բժիշկներուն միատեղ ջանքերը, նուիրական աշխատանքը, մասնագիտական բարձր յատկանիշները, ոչ միայն պատերազմի պատճառով տուժածներուն բուժօգնութիւն ցուցաբերելու, այլեւ միատեղ ուժերով որեւէ վտանգի դէմ պայքարելու պատրաստակամութեան համար:
«Մեր հայ գործընկերները հաւատարիմ են մարդասիրութեան վեհ սկզբունքներուն եւ ամէն օր մասնագիտական մօտեցումով օգնութիւն կը ցուցաբերեն Սուրիոյ ազգաբնակչութեան: Սուրիոյ ժողովուրդը կը գնահատէ այն, որ հայերը այս դժուար իրավիճակին մեր կողքին են», յայտնեց սպան:
Հիւանդանոցի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ մարդասիրական խումբին, Հալէպի ՀՀ Հիւպատոսութեան եւ իշխանութիւններուն մշտական աջակցութեան համար:
Հալէպի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականցնող ականազերծողներու եւ բժշկական խումբերը բնականոն ընթացքով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: Միեւնոյն ատեւ, պսակաձեւ ժահրի վարակին տարածումը իրենց աշխատակիցներուն եւ կեդրոնէն կանխելու եւ կարելի եղածին չափ նուազեցնելու համար կ’իրականացուին մեծածաւալ հակահամաճարակային նախաձեռնութւններ, յատկապէս քլորակիր լուծոյթով եւ տարբեր ախտահանիչ հեղուկներով շրջակայ միջավայրի, ախտահանիչ գործողութիւններ կը կատարուին: Փորձառու բժիշկներէն կազմուած խումբը կը պահպանէ անվտանգութեան բոլոր կանոնները` կիրառելով պաշտպանիչ բոլոր միջոցները: