«Երկիր».- ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը Հայաստանի մէջ 25 Մարտին` պսակաձեւ ժահրով վարակուելու 16 նոր դէպք արձանագրած է:
24 Մարտին հաղորդուած տուեալներուն համաձայն արձանագրուած էր պսակաձեւ ժահրի 249 պարագայ: Ընդհանուր առմամբ` 25 Մարտին հաստատուած է 265 պարագայ:
Բացասական արդիւնք արձանագրուած է 1315 քննութեան արդիւնքով եւ 16 անձ բուժուած է:
Յիշեցնենք, որ 24 Մարտին Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած 14 քաղաքացի բուժուած է, 88-ը դուրս եկած է մեկուսացումէն: Վարակակիր շրջանի 65-էն բարձր տարիքով կայ 11 հոգի, 70-էն բարձր տարիքի՝ 5 հոգի: Թոքաբորբով հիւանդներու ընդհանուր թիւն է՝ 30: Անոնցմէ 5-ը կը գտնուին բուժման տակ, 77 տարեկան եղողին վիճակը ծայրայեղ ծանր է: Երեկուան դրութեամբ Հայաստանի մէջ կայ 868 մեկուսացուած քաղաքացի, 2419 քաղաքացիի համար սահմանուած է ինքնամեկուսացում: