«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովը Արցախի քաղաքացիները կը յորդորէ յառաջիկայ օրերուն (նուազագոյնը 7 օր) խուսափելու Հայաստան մեկնելէ:
Արցախի տեղեկատուական շտապը այս մասին յայտարարութիւն տարածած է:
«Նկատի առած Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մարդոց ազատ տեղաշարժելու իրաւունքի սահմանափակումները եւ անձերուն` իրենց բնակութեան վայրերէն ներս պարտադիր ինքնամեկուսացումը` Արցախի Հանրապետութեան մէջ պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման աշխատանքները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովը կը յորդորէ մեր քաղաքացիները յառաջիկայ օրերուն (նուազագոյնը 7 օր) խուսափելու ՀՀ մեկնելէ: ՀՀ կարելի է մեկնիլ բացառապէս խիստ անհրաժեշութեան պարագային», նշուած է յայտարարութեան մէջ: