Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէ նահանգի ջուրի ընկերութենէն խմբակ մը մուտք գործեց Հասիչէ ջուր մատակարարող Ռաս ուլ Այնի «Ալլուք» կայան եւ սկսաւ նահանգի ջրամուղ խողովակները բանեցնել, երեք օր թրքական բանակին կողմէ ջուրի մատակարարման կասեցումէն ետք։
Այս առիթով Հասիչէի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Ատնան Խաճօ ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ խորհուրդը 200-300 մեթր խորանարդ ջուրով բեռնաւորուած փոխադրակառքեր պիտի ուղղէ Հասիչէի, ժողովուրդին կարիքը բաւարարելու համար: