Սիրելի սգակիրներ, միացեալականներ, դամասկահայեր,
Դամասկահայութեան համար մեծ վիշտ է անուանի կրթական մշակ, դաստիարակ, ուսուցչուհի, տնօրէնուհի Արփի Պետիկեանի անդառնալի կորուստը:
Անգնահատելի է օր. Արփիի ունեցած ներդրումը Դամասկոսի կրթական կեանքին:
Ան տասնեակ տարիներ դասաւանդած է իր պաշտած հայերէն լեզուն,
տասնեակ տարիներ տնօրինած է իր սուրբ Ազգային Միացեալ վարժարանը:
Ձեզմէ շատերուն ուսուցչուհին, շատերուն տնօրէնուհին եղած է օր. Արփին, դառնալով ազգային կարեւոր դէմք և օրինակելի կերպար:
Ան արժանացած էր նաև արաբ տեղացի ծնողներուն, ուսուցչուհիներուն և պետական տնօրէններուն ու կրթական պաշտօնեաներուն յարգանքին:
Բոլորս կը յիշենք իր խստապահանջ նկարագիրը՝ մայրենին՝ արևմտահայերէնը ճշգրիտ ձեւով օգտագործելու և պահպանելու, հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, հայը, միեւնոյն ժամանակ սուրիահայը կերտելու:
Կսկիծով լեցուն են մեր հոգիները, սակայն օր. Արփիի անկորնչելի վաստակը, մարդկային անկեղծ վերաբերմունքը, բարի ժպիտը մշտապէս մեզի պիտի ուղեկցին, մեր աղօթքներուն մէջ:
Երախտապարտ ենք, օրիո՛րդ Արփի, ձեր տարած սուրբ գործին, և պիտի փորձենք մեր համեստ կարողութիւններով շարունակել, պահել մեր հայերէն լեզուն եւ շարունակել հայեցի դաստիարակութիւնը:
Դամասկահայութեան, սուրիահայութեան, ամբողջ հայութեան եւ Հայաստանի ահագնացած վիճակին մասին իր տագնապը այնքան դիպուկ կերպով կ’արտայայտէր ան իր խօսքերուն, և իր հետ տեղի ունեցած զրոյցներուն մէջ:
Տարիներու ընթացքին օր. Արփի ապացուցեց իր սկզբունքային նուիրուածութիւնը լեզուին, հայ մշակոյթին և հայ ժողովուրդի բարձրագոյն արժէքներուն: Օր. Արփի հայ կնոջ կերպարի մարմնացումն էր, խորհրդանիշն էր հայակերտման, ան ուժեղ անհատականութիւն էր, ուստի անոր կորուստը, անկասկած, անվերականգնելի է:
Հայ կրթական մշակները, այնպէս ինչպէս հերոսները, չեն մեռնիր, անոնք կը յաւերժանան մեր սրտերուն մէջ։
Բիւր յարգանք հայերէնաւանդ տիպար ուսուցչուհիին, դաստիարակին, տնօրէնուհիին յաւերժաձայն վաստակին եւ անմեռ յիշատակին: