Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2020-ին, դամասկահայ գաղութը իր վերջին իր վերջին հրաժեշտը տուաւ երկարամեայ վաստակաշատ կրթական մշակ օրդ. Արփի Պետիկեանին։

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան, Դամասկոսի Թեմի Ազգային ժողովի, Ազգ. Թարգմանչաց ճեմարանի հոգաբարձութեան, Ազգ. Սահակեան վարժարանի հոգաբարձութեան անդամներ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հանգուցեալին յիշատակը յարգողներ:
Ազգային յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Թաղմանական կարգը կատարեց Գերշ. Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ վեր առնելով օրդ. Արփի Պետիկեանին Դամասկոսի ազգային կեանքին մէջ ունեցած հայապահպան առաքելութիւնը եւ ուսումնակրթական ասպարէզէն ներս սերունդներու դաստիարակութեան նուիրական գործը:
Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան հանգուցեալին դամբանականը արտասանեց:
Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ ազգային գերեզմանատուն: Միացեալականները Միացեալի քայլերգով հողին յանձնեցին վաստակաշատ կրթական մշակը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ օրդ. Արփի:Թող Աստուած երկնքի պայծառութեան մէջ պահէ մաքրամաքուր հոգիդ: