ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի յղած նամակով Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան կոչ ուղղեց Հայաստանին յաւելալ եւ անմիջական աջակցութիւն տրամադրելու՝ նպաստելու համար պսակաձեւ ժահրին դէմ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ մղուող պայքարին, որուն կ՛աջակցին նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը եւ ՀՕՄը։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը նաեւ կը շարունակէ իր ջանքերը Միացեալ Նահանգներու 2021-ի ամավարկին մէջ Հայատանի եւ Արցախի համար յատկանշական օժանդակութիւններ ապահովելու համար։