«Արմէնփրէս».-Երկար ժամանակ է ի վեր տարբեր հարթակներու վրայ քննարկումներ տեղի կ’ունենան ԱՄՆ-ի` Արցախին տրուող օգնութեան ծրագիրին դադրեցման մասին: ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան 23 Մարտին դիմատետրի ուղիղ եթերի ընթացքին ներկայացուցած է ծրագիրին մասին իր դիտարկումները եւ, ի վերջոյ, պատասխանած է այս օրերուն ամենաշատ տարածուած հարցին. արդեօ՞ք վերջնական է Թրամփի վարչակազմին որոշումը` Արցախին տրուող անմիջական տնեսական օժանդակութիւնը դադրեցնելու առնչութեամբ:

Արամ Համբարեան դիտել տուած է, որ արդէն մօտաւօրապէս 2 տասնամեակ է ի վեր այս ծրագիրը տարբեր «յարձակումներու» կ’ենթարկուի: «Սա ամենածանր յարձակումն էր, կը կարծեմ` վատագոյնը, որուն երբեւէ ականատես չենք եղած: Բայց հոս որեւէ նոր բան չկայ: Այս վարչակազմը կը հետեւի Քլինթընի, Պուշի, Օպամայի, իսկ հիմա արդէն Թրամփի ստեղծած աւանդոյթներուն», ըսած է ան:
Իր խօսքին մէջ Ա. Համբարեան ընդգծած է, որ նախքան որեւէ վերջնական գնահատական տալը, պէտք է նկատի առնել ԱՄՆ-ի մէջ տեղի ունեցող գործընթացները, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի սահմանադրական համակարգը: Ան յայտնած է, որ տակաւին 1997 թ., երբ Պրատ Շերման Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ներկայացուց ծրագիր` Արցախին օժանդակելու հայցով՝ չընդունուեցաւ: Աւելին` Ա. Համբարեանի դիտարկումով, այդ ժամանակ ծրագիրը քննադատուած եւ ընդդիմութեան հանդիպած է գրեթէ նոյն ձեւով, ինչպէս այսօր: Այդուհանդերձ, ան ընդգծած է, որ այս քայլի շնորհիւ է, որ ծրագիրը ներառուած է 1998 թ. տարուան պիւտճէին:
«Այս ամէնը անընդհատ կը շարունակուի, որովհետեւ 20 տարուան ընթացքին մենք ծրագիրը կենդանի պահած ենք: Երբեք դիւրին չէ եղած, երբեք առանց գործադիր իշխանութեան ընդդիմութեան չէ ընթացած», նշած է ան` յայտնելով, որ ծրագիրին դէմ տարբեր փուլերով հանդէս եկած է թէ՛ Ներկայացուցիչներու պալատը, թէ՛ Ծերակոյտը, սակայն շարունակած է գործել:
Ծրագիրի նպատակը առաջին իսկ օրէն Արցախին մարդասիրական օգնութիւն ցոյց տալ եղած է: Սկզբնական շրջանին ներառած է նիւթական օգնութիւն առողջապահական ոլորտին, ապա` մաքուր ջուրի հարցի լուծում, այսօր արդէն` ականազերծման աշխատանքներ: Համբարեանի որակումով` սա խաղաղութեան գործընթացի մէկ մասն է:
Անդրադառնալով վերջնական որոշումին շատերուն յուզող հարցին` Ա. Համբարեան ըսած է. «Վերջնական որոշումը յառաջիկայ շաբաթներուն, ամիսներուն ընթացքին ի յայտ կու գայ, երբ սկսի 2021 թ. Օտարերկրեայ պետութիւններուն օգնութեան տրամադրման մասին օրինագիծի (Foreign Aid Bill) մշակումը»:
Խօսելով այդ ընթացքին նախատեսուած քայլերուն մասին` Համբարեան շեշտած է, որ այս շրջանը պատահական չէ ընտրուած, որովհետեւ ԱՄՆ օրէնսդիրները այս պահուն առաւել մտահոգուած են առողջապահական համակարգին, տնտեսութեան, ԱՄՆ բնակչութեան առողջութեան առնչուող հարցերով: Ծրագիրի վերագործարկման տեսլականը Ա. Համբարեան կը տեսնէ Ամերիկայի հայկական համայնքի կողմէն մտահոգութիւններու բարձրաձայնման ճանապարհով. «քոնկրեսականները ներկայիս, ինչպէս նշեցի, շատ զբաղած են այլ հարցերով, սակայն անոնք այս հարցերուն նաեւ ուշադրութիւն կը դարձնեն, եւ եթէ դուք այդ մասին չյայտնէք անոնց, ապա կ’ենթադրեն, որ ձեզ համար միեւնոյն է», ընդգծած է ան, կոչ ընելով ԱՄՆ-ի մէջ բնակող հայերուն այս հարցի առնչութեամբ նամակ ուղղել ԱՄՆ քոնկրեսականներուն` այցելելով ANCA.org/aid կայք:
«Արդեօ՞ք Արցախին վերաբերող այս որոշումը վերջնական է: Պատասխանն է` ոչ: Վերջնական որոշումը պիտի առնուի իշխանութեան գործադիր եւ օրէնսդիր ճիւղերու փոխգործակցութեան արդիւնքով», յայտարարած է Ա. Համբարեան, աւելցնելով, որ թէ՛ Հայ Դատի յանձնախումբի, թէ՛ Ուաշինկթընի մէջ ՀՀ դեսպանատան եւ Արցախի համար սա առաջնահերթութիւն է, որուն համար անոնք միատեղ մեծ աշխատանքներ կը տանին: «Գործընթացը կ’աւարտի, երբ մենք դադրինք փորձել, իսկ այդ մէկը երբեք տեղի պիտի չ’ունենայ», շեշտած է Ա. Համբարեան:

Լուսինէ Պողոսեան