«Երկիր».- ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու եւ վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը Հայաստանի մէջ 26 Մարտին` ժամը 10:00-ի դրութեամբ պսակաձեւ ժահրով վարակուելու 25 նոր պարագայ գրանցուած է:
Յիշեցնենք, որ երէկ հաղորդուած տուեալներուն համաձայն` գրանցուած էր 265 պարագայ:
Ընդհանուր առումով` 26 Մարտին հաստատուած է պսակաձեւ ժահրի 290 դէպք:
Բացասական արդիւնք արձանագրուած է 1440 անհատի քննութեամբ: Փաստացիօրէն այս պահուն կը բուժուի 272 անձ:
Բուժուած է 18 անձ: