«Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթը կը գրէ. «Պետութիւնները, անկախ իրենց զարգացման մակարդակէն, այսօր կանգնած են պսակաձեւ ժահրի համավարակի երկու հիմնական մարտահրաւէրին դիմակայելու հարցերուն առջեւ: Խօսքը համավարակի առողջապահական եւ տնտեսական հետեւանքներուն մասին է: Եթէ առողջապահութեան ճակատի վրայ աշխատանքները կ’ընթանան երկու համընդհանուր ուղղութեամբ` պատուաստանիւթի յայտնաբերման տարրալուծարանային հետազօտութիւններու եւ ժահրի տարածման կանխարգիլող նախաձեռնութիւններով, ապա տնտեսութեան ճակատին վրայ որոշումները կ’ընդունուին տուեալ պետութեան առանձնայատկութիւններուն համապատասխան:
Զարգացած երկիրները աննախադէպ քայլեր կ’առնեն տնտեսութիւնները ճգնաժամի հետեւանքներէն կարելի եղածին չափ հեռու պահելու համար: Եւրոմիութեան երկիրները պատմութեան մէջ առաջին անգամ կանգնեցուցին Կայունութեան եւ աճի համաձայնութիւնը:
Հայաստանի կառավարութիւնը այս փուլին համար նախատեսած է 50 մլրդ դրամի նախաձեռնութիւններու ծրագիր, որուն 25 մլրդը կ’ուղղուի առեւտրական աջակցութեան, իսկ 25 միլիարով ընկերային աջակցութեան ծրագիրներ պիտի իրականացուին»: