«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ իրանի ԱԳ նախարար Ճաւատ Զարիֆ հեռախօսազրոյցով կարեւոր համարած են պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման գործին մէջ փոխաջակցութիւնը:
«Իրանի ԱԳ նախարար Ճաւատ Զարիֆին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցին շնորհաւորեցի գործընկերոջս Նիւռուզի առթիւ: Երկուստէք ընդգծեցինք ամուր համակարգման, համերաշխութեան եւ փոխաջակցութեան կարեւորութիւնը` պսակաձեւ ժահրի յաղթահարման եւ մեր ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան եւ գործակցութեան առաւել ամրապնդման ուղղութեամբ աշխատելու գործով», ընդծած է Զոհրապ Մնացականեան: