«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամադայը:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-ճափոնական գործակցութեան գործնական բաղադրիչներուն շուրջ` նկատի առնելով ինչպէս այսօրուան` պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, այնպէս ալ ապագայ ծրագիրները: Դեսպան Եամադան ներկայացուցած է համաճարակային իրավիճակը Ճափոնի մէջ եւ անոր առնչուող նախաձեռնութիւնները: Քննարկուած են փոխօգնութեան կարելիութիւնները ստեղծուած պայմաններուն մէջ: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ճափոնի կողմէն Հայաստանին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան, եւ, մասնաւորապէս պսակաձեւ ժահրի ախտորոշման համար անհրաժեշտ քննութիւններու խմբաքանակի տրամադրման համար:
Հանդիպումին խօսուած է նաեւ տեղեկատուական եւ բարձր ճարտարագիտութեան, նորարարութեան, միջուկային անվտանգութեան թափօններու կառավարման ոլորտներուն եւ նախագահական ATOM (Advanced Tomorrow) նախաձեռնութեան միատեղ ծրագիրներու ու նախագիծերու իրականացման մասին: