Լիբանանի պսակաձեւ ժահրի ճգնաժամային շտապ օգնութեան մարմինը կը տեղեկացնէ, որ 25 Մարտ 2020-ին, մահացած է Պետիկ Օղկասեանը, որ քանի մը օր առաջ Ճգնաժամային Շտապի ցուցմունքով փոխադրուած է Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոց։ Իր տունը անմիջապէս հականեխուած է։

Այժմ, իր ընտանեկան անմիջական պարագաները, Շտապի դասաւորումով եւ Լիբանանի Կարմիր Խաչի ճամբով պիտի փոխադրուին Ռաֆիք Հարիրիի անուան հիւանդանոց, անհրաժեշտ ստուգումներու եւ քննութիւններու ենթարկուելու համար։