ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան «168 ժամ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու այս տարի Արցախին օգնութիւն չտրամադրելու որոշումին եւ անոր դրդապատճառներուն։ Ան դիտել տուաւ, որ արդէն 2 տարիէ ի վեր նախագահ Թրամփի վարչակարգը կ’աշխատի, որ այդ պետութեան պիւտճէին մէջ Արցախին յատկացուելիք օգնութեան մասին որեւէ տող չըլլայ, ինչ որ չյաջողեցաւ։ Սակայն, այս տարի չեղեալ նկատուեցաւ ականազերծման նպատակով Արցախին յատկացուող մարդասիրական օգնութիւնը։ «Արդիւնքը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու գործադիր մարմինը չ’ուզեր, բայց օրէնսդիր մարմինը կ’ուզէ օժանդակութիւն տրամադրել, ուստի տեսականօրէն կարելիութիւն կայ շարունակելու աշխատանքը, որ օրէնսդիրները հասնին այն բանին, որ այդ կարեւոր տողը ԱՄՆ 2020 թուականի պիւտճէին մէջ պահպանուի: Հիմա մենք աշխատանքի այդ փուլին մէջ ենք», հաստատեց Մանոյեան:
Ըստ Մանոյեանի, Միացեալ Նահանգներ մէկ կողմէ կը փափաքի Ատրպէյճանին յատկացուելիք միջոցները պահպանել, միւս կողմէ կ’ուզէ Հայաստանին եւ հայութեան բան մը հասկցնել: Կայ այլ հանգամանք մը եւս, աւելի քան 20 տարիէ ի վեր Ատրպէյճան դէմ է Արցախին մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ԱՄՆէ-ի քաղաքականութեան, ինչ որ այս տարի կը յաջողի իրականացած տեսնել։
Մանոյեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանին տրամադրուող 100 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը դադրեցնելու մասին ոչինչ կայ, ուրեմն անիկա պիտի շարունակուի։ «Եթէ Արցախին տրուող աջակցութիւնը զանց կ’առնուի, իսկ Ատրպէյճանինը կը պահպանուի, սա ինչի՞ մասին կը վկայէ. Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վերաբերմունքի փոփոխութեա՞ն», յայտնեց Մանոյեան, դիտել տալով, որ Արցախին տրուող նիւթական յատկացումը դադրեցնելը երկրի ելեւմուտքին հետ առնչութիւն չունի, այլ քաղաքական որոշում է. «ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ կայ վերաբերմունքի փոփոխութիւն: Սակայն, եթէ վերջնականապէս որոշուի, որ ԱՄՆ Արցախին պիտի չօգնէ, այս պարագային պիտի խախտի նաեւ Արցախի հարցով ԱՄՆ-ի չէզոք կեցուածքը՝ որպէս Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր: Հաւասարակշռութիւնը կը խախտի Ատրպէյճանին տրուելիք այդքան մեծ նիւթական օգնութեան, իսկ Արցախին այդ փոքրիկ մարդասիրական օգնութենէն զրկելու պարագային», յայտնեց ան։