Պսակաձեւ ժահրին պատճառով Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ քաղաքացիներուն եւ երկրին օգտակար ըլլալու նպատակով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամները եւս նախաձեռնութեան մը ձեռնարկեցին:
Արդարեւ, անոնք յատուկ դեղերով հականեխեցին հանրակառքեր, կանգառներ, ինքնաշարժներ, մարդոց բաժնեցին ձեռնոցներ, քթակապեր՝ պսակաձեւ ժահրին դէմ պաշտպանուելու համար:
Ըստ միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Արշակեանի, այս օրերուն առաւել քան երբեք կարիք կայ քաղաքական տարբեր հայեացքներու տէր, ընդդիմադիր կամ իշխանական ուժերու մէկտեղման: «Բնականաբար՝ ասիկա նաեւ ինչ որ տեղ օժանդակութիւն է պետական միջոցառումներուն, հակահամաճարակային այն ծրագիրներուն, զորս կ’իրականացնէ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը, արտակարգ իրադրութեան պայմաններուն մէջ՝ պարէտատունը եւ այլոք», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ միութիւնը այս օրերուն բարոյապէս անթոյլատրելի կը նկատէ քաղաքական դրդապատճառներէ մեկնած հակադրուիլը եւ մէկդի քաշուիլը:
Հասարակութեան արձագանգէն շատ գոհ են ուսանողական միութեան անդամները, որովհետեւ մարդիկ ո՛չ միայն չափազանց դրական կ’ընդունին, այլեւ շատերուն կողմէ կը լսուին երախտագիտութեան խօսքեր: «Մարդիկ կան, որոնք հեռուէն իրենք կը մօտենան, կը խնդրեն պարագաներ տրամադրել կամ ախտահանել իրենց մեքենաները, գրասենեակի կամ խանութի դրան բռնակները եւ այլն: Այսինքն՝ մարդիկ կարիք ունին նման ծրագիրներու եւ աջակցութեան, եւ, կը կարծենք, պետական օղակները եւս պէտք է նկատի առնեն այս բոլորը», եզրափակեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչը: