Անցեալ շաբաթ ես տեղեկացուցած էի, որ նախագահ Էրտողանի գրասենեակը նամակ մը յղած է Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու առաջնորդներուն՝ պահանջելով ստորագրել զայն եւ ապա վերադարձնել նախագահին։ Այդ նամակին մէջ Էրտողան ստապատիր կը պնդէ, որ Թուրքիա առանձին է միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առաջին գիծին վրայ։
Հակառակ Էրտողանի պնդումներուն, միջազգային լրատուական միջոցներու տասնեակ զեկոյցներ կը փաստեն, որ Թուրքիա, ըստ էութեան, եղած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իտլիպի ահաբեկիչներու զօրակցողներուն առաջին գիծին վրայ։
Ահմէտ Ս. Եայլա սկիզբէն գիտէր Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Իտլիպի աջակցութեան մասին, քանի որ ան 2010-էն մինչեւ 2013 եղած էր Թուրքիոյ հակաահաբեկչական գործողութիւններուն ղեկավարը, իսկ 2013-2014 թուականներուն՝ հասարակական կարգի եւ քրէական քննութիւններու ղեկավարը Թուրքիոյ Շանլիուրֆա քաղաքին մէջ։ Շանլիուրֆան Իտլիպի «ճիհատի մայրուղի»ի վերջին կէտն էր։ 6 Մարտ 2020-ին Եայլա յօդուած մը գրած է The Investigative Journal-ին մէջ՝ մանրամասնօրէն բացայայտելով Էրտողանի մեղսակցութիւնը՝ ահաբեկչութեան: Յօդուածին վերնագիրն է՝ «Դատեցէ՛ք Էրտողանը միջազգային քրէական դատարանի մէջ՝ Իտլիպին սատարելուն համար»։
Եայլա գրած է, որ 2014-ին ստիպուած եղած է լքելու իր աշխատանքը եւ թոշակի անցած, «որպէսզի չմասնակցի Էրտողանի ոճրագործութիւններուն, որոնք կը հասնին մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցանքներու մակարդակին»:
Ըստ Եայլայի՝ ««ԻՏԼԻՊ» այսքան ուռճացուած իշխանութիւն մը չէր ունենար կամ այսքան շատ մարդ չէր սպաներ, եթէ Էրտողանի վարչակարգը չորոշէր ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն աջակցիլ անոր՝ ստեղծուելէն ի վեր (2014): Փաստը այն է, որ երբ Իտլիպ 2014-ին կապուեցաւ Ռաքքայի մէջ (Սուրիա), Թուրքիոյ հետախուզական գործակալութիւնը կը պահպանէր իր մուտքի դուռը եւ պատրաստ կ’ողջունէր ճիհատական կամաւորները՝ իրենց նահատակութեան ճամբուն վրայ։ Թուրքիա կեդրոնական հանգոյց էր Իտլիպի աւելի քան 50 հազար օտարերկրեայ զինեալներուն համար եւ հիմնական աղբիւրը՝ Իտլիպի մէջ օգտագործղուող արհեստագիտական նիւթերուն, ներառեալ՝ «ԻՏԼԻՊ»ի ինքնագործ պայթուցիկ սարքերը՝ Թուրքիան եւ Իտլիպը գործնականապէս դարձնելով դաշնակիցներ»։
Եայլա նաեւ մեջբերած է Միացեալ Նահանգներու Պետական Բաժանմունքի Հոկտեմբեր 2019-ի հրապարակումը, ուր կ’ըսուէր. «Թուրքիա կը շարունակէ տարանցիկ կէտ մնալ օտարերկրեայ այն զինեալներուն համար, որոնք կը փափաքին միանալ «Իսլամական Պետութեան» Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ, ինչ որ կրնայ օգնել ահաբեկչական խումբին՝ վերակազմաւորուելու եւ վերականգնելու իր ազդեցութիւնը»: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը նաեւ նախզգուշացուցած է, որ՝ «Թուրքիոյ տարածքով անցնող օտարերկրեայ զինեալները կրնան օգնել Իսլամական Պետութեան վերածնման»: Իտլիպ իր տարածքին վրայ գտնուող բարձրաստիճան եւ աւագ անդամներէն շատերը յաջողեցաւ տեղափոխել Թուրքիա, ուր անոնք կը վարէին ահաբեկչական կազմակերպութեան ամէնօրեայ գործողութիւնները:
Եայլա յայտնած է, որ «3 Դեկտեմբեր 2019-ին ահաբեկչական պարագլուխ Համիտ Շաքիր Սապա ալ Պատրին՝ հանգուցեալ Ապու Պաքիր ալ Պաղտատիի զարմիկը, գերեվարուած է Իրաքի Քիրքուք քաղաքէն դէպի հարաւ, երբ կը վերադառնար Թուրքիա գտնուող իր ապահով ապաստարանէն։ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու կալանքի տակ գտնուող թուրք բանտարկեալ լրագրող Լինծի Սնելին պատմած է Թուրքիոյ Կազիանթապ քաղաքին մէջ պահուող «ԻՏԼԻՊ»ի յատուկ հսկայական ապահով տան մասին: Բանտարկեալը ըսած է՝ «հոն այնքան շատ օտարերկրեայ զինեալներ կային, այնքան տարբեր լեզուներով: Անոնք (թուրքերը) գիտէին, թէ մենք ինչի՛ համար հոն էինք»»։
Քանի որ Թուրքիոյ ղեկավարները կ’աջակցէին «ԻՏԼԻՊ»ին՝ Իտլիպի նկատմամբ լայն աջակցութիւն կար նաեւ թրքական հասարակութեան շրջանակին մէջ։ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը յայտնած է, որ Անգարայի հետազօտական կեդրոնի կողմէ տեղի ունեցող «Թուրքիոյ ընկերային միտումներու ուսումնասիրութեան» համաձայն, հարցուածներուն 9,3 տոկոսը յայտարարած է, որ ««ԻՏԼԻՊ» անունով գործող կազմակերպութիւն մը կայ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, իսկ 5,4 տոկոսը կողմնակից է անոր գործողութիւններուն»։ 
Ըստ PEW հետազօտական կեդրոնի ուսումնասիրութեան՝ Թուրքիոյ բնակչութեան ութ առ հարիւրը (8%) բարեացակամ վերաբերում ունէր «ԻՏԼԻՊ»ի նկատմամբ։ Սակայն, համաձայն Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնէն վերջերս տարածուած զեկոյցին, թուրքերը մեծ թիւով զինեալներ տուած են «ԻՏԼԻՊ»ին։ Մինչեւ այդ պահը կային «ԻՏԼԻՊ»ի 9476 թուրք ահաբեկիչներ եւ աւելի քան 900 ատրպէյճանցիներ ԻՏԼԻՊի շարքերուն մէջ։
Թուրքիա նաեւ կը հանդիսանայ «ԻՏԼԻՊ»ի համար տարբեր ապրանքներու շարունակական մատակարարման աղբիւր, ներառեալ՝ կօշիկներ, համազգեստներ, բաճկոններ, սնունդ եւ ամէնէն կարեւորը՝ պայթուցիկ նիւթեր: Մէջբերելով Հակամարտութիւններու Սպառազինութեան Հետազօտութենէն (ՀՍՀ)՝ Եայլա հաղորդած է, որ «ԻՏԼԻՊ»՝ «առաջին հերթին Թուրքիոյ մէջ ունեցած է ձեռքբերման նպատակով գործող մեծ ցանց մը, երկրորդ՝ յստակ մատակարարման ուղի Թուրքիայէն, Սուրիոյ տարածքով դէպի Իրաք»: ՀՍՀն նաեւ բացայայտած է, որ «Թուրքիա անցումային ամէնէն կարեւոր կէտն էր պայթուցիկ սարքերու արտադրութեան մէջ օգտագործուող բաղադրիչներու համար», որոնք կը պատրաստուէին «Իսլամական Պետութեան» կողմէ։ Փաստօրէն, ՀՍՀն փաստած է, որ ««ԻՏԼԻՊ»ի զինեալները՝ «զէնքի եւ զինամթերքի արտադրութեան մէջ օգտագործուող ապրանքներու մեծ մասը մատակարարուած են Թուրքիոյ ներքին շուկայէն»։
Թուրք լրագրող Թոլկա Թանիշ գործէն արձակուած եւ դատի տրուած է՝ նախագահ Էրտողանի կողմէ ներկայացուած զրպարտութեան քննութեամբ, երբ Թանիշ բացայայտած էր, թէ ինչպէ՛ս թրքական ընկերութիւնները պայթուցիկ նիւթեր արտահանած են «ԻՏԼԻՊ»ի համար։
Եայլա նաեւ հաղորդած է, որ «18 Նոյեմբեր 2019-ին Միացեալ Նահանգներու Գանձապետարանի արտաքին ունեցուածքի վերահսկման գրասենեակը երկու թուրք եղբայրներ Ահմէտ եւ Իսմայիլ Պայալթունները նշած է իբրեւ Թուրքիոյ մէջ գործող ««ԻՏԼԻՊ»ի գնումներու գործակալներ», ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ գործող «ԻՏԼԻՊ»ի հետ կապուած չորս ընկերութիւններ։ Պայալթուն եղբայրները յայտնի էին «ԻՏԼԻՊ»ի մատակարարման գործին մէջ իրենց ունեցած դերակատարմամբ, մասնաւորապէս՝ 48 թոն ալիւմինիումի մածուկներ առաքելու գործով, որոնք օգտագործուած են «ԻՏԼԻՊ»ի պայթուցիկ սարքերուն մէջ։ Ամէնէն կարեւորը, Պայալթուն եղբայրները սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան նախագահ Մուսթաֆա Պայալթունի հետ Շանլիուրֆայի մէջ, ուր կը գտնուի անոնց գրասենեակը:
Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզութեան դերը ահաբեկչութիւնը սատարելու գործին մէջ բացայայտուեցաւ, երբ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը 19 Յունուար 2014-ին կանգնեցուց հետախուզութեան կողմէ շահագործուող երեք բեռնատար մեքենանաներ եւ անոնցմէ յայտնաբերեց ռազմական զէնքեր՝ թաքնուած Սուրիա տեղափոխուող բժշկական արկղերու տակ։
Ըստ Եայլայի՝ ահաբեկչութեան սատարելէն բացի, նախագահ Էրտողան ձեռք բերած է նաեւ Իտլիպի քարիւղը՝ «Փաուըրթրանս» անունը կրող թրքական ընկերութեան միջոցով, որուն ղեկավարը անոր փեսան էր՝ Պերաթ Ալպայրաքը։ «Ալպայրաք օրական կը վճարէր 3 միլիոն տոլար՝ Իտլիպի քարիւղի ամէնէն շատ արդիւնահանման ժամանակ։ Փաստօրէն, Էրտողան ընդունած է օրինագիծ մը, որ իրաւունք կու տար քարիւղը նաւերով տեղափոխելու եւ պայմանագիր կնքած է «Փաուըրթրանս»ի հետ առանց հանրային ծանուցման, իբրեւ միակ լիազօրուած ընկերութիւնը: Ի յաւելումն Իտլիպի քարիւղի ձեռքբերման՝ Էրտողան յանձնարարած է իր որդիին՝ Պիլալ Էրտողանի, որ իր մալթական BMZ Group բեռնափոխադրումներու ընկերութեան միջոցով վաճառէ Իտլիպի քարիւղը համաշխարհային շուկային մէջ»: Աւելին, թրքական դրամական փոխանցումներու կեդրոնները օրուան ընթացքին հարիւր հազարաւոր տոլարներ փոխանցած են «ԻՏԼԻՊ» կազմակերպութեան:
Եայլա ամփոփած է. «Ի վերջոյ, «ԻՏԼԻՊ» չէր սպաներ, վիրաւորեր, ստրկացներ եւ բռնաբարեր հազարաւոր անմեղ մարդիկ, առանց հսկայական աջակցութեան, զոր կը վայելէր Թուրքիոյ կողմէ։ Էրտողան եւ անոր մեղսակիցները պէտք է դատուին Հաագայի միջազգային քրէական դատարանին կողմէ՝ մարդկութեան դէմ գործած իրենց յանցանքներուն համար…: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի եւ անոր մեղսակիցներուն ձեռքերը արիւնոտ են։ Գոյութիւն ունեցող լաւ փաստագրուած, անառարկելի եւ անհերքելի ապացոյցներու հիման վրայ պարզ է, որ Էրտողան ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը զօրակցի «ԻՏԼԻՊ»ին»։
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
Սեդա Գրիգորեան