Զրոյցը երբեմն նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց, զրուցելով տարբեր միջավայրերու, տարբեր երկիրներու մէջ ապրող, տարբեր կարծիք ու մտածելակերպ ունեցող գործընկերներու հետ, աւելի լայն եւ բազմակողմանի հայեացքով կը նայինք որեւէ հարցի։ Երբեմն նոր մտքեր կը ծնին, կարծիքներ կը հանդիպին, գործակցութեան եղանակներ կ’ուրուագծուին զրոյցի ճամբով։ Մտամարզանք մը չէ միայն զրոյցը, կարծիքներու հանդիպում մըն է, որ ոչ միայն տեսակէտներու փոխանակման կը նպաստէ, այլեւ՝ շատ մը մտահոգութիւններու փարատումին, նոյնիսկ զիրար աւելի լաւ ճանչնալու, հասկնալու կրնայ նպաստել եւ արդիւնքի հասնելու մղիչ ազդակ հանդիսանալ, եթէ մշակոյթի վերածուի։
Հայկական մեր միջավայրին մէջ այս մշակոյթը կը պահուի՞։ Մեր ոչ այնքան մեծ հայաշխարհին մէջ երբեմն զրուցելն անգամ անկարելի կը թուի, սկսած զրոյցներն իսկ անաւարտ կը մնան, խուլ ձեւանալու մշակոյթ մը կը սկսի փոխարինել զրոյցը ու կը վերյիշես երգիծաբան Յ. Պարոնեանի «Խօսակցութիւնք Մեռելոց»ը, ուր մարդասիրութիւնը կը դառնայ մեռելածին, ծնելամահ, իսկ անմահ ճշմարտութիւնը ծերացած ու հաշմանդամ կը մեկնի անդի աշխարհ…։ Այսպիսի նեղ սահմաններու մէջ կը թաղուին երբեմն զրոյցները, կը պակսին մտածող, ընթերցող տարրին համար արտայայտուելու միջավայր ստեղծելու ջանքերը։
Այս նեղ սահմանները հատել կը փորձէ «Հայերէն Պլօկ»ը, երբ անոր խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանը, օգտուելով առցանց հաղորդակցութեան կարելիութիւններէն, ամսական հերթականութեամբ եթերազրոյցներ կը կազմակերպէ տարբեր նիւթերու շուրջ, «պլօկ»ականներուն եւ զեկուցաբերի մը մասնակցութեամբ արծարծելով հարց մը, քննարկելով անոր տարբեր կողմերը, կարծիք-հակակարծիք իրարու դէմ բերելով եւ շահեկան աւարտ ունեցող զրոյց մը վարելով։
Նախորդ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, 17 եւ 18 Մարտի երեկոյեան տեղի ունեցած եթերազրոյցին նիւթն էր «Մամուլն ու Արհեստագիտութիւնը», զեկուցաբերը «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանն էր։
Երկու օրերու ընթացքին երեքական ժամ տեւող եթերազրոյցին մասնակցեցան տարբեր երկիրներէ «Հայերէն Պլօկ»ի աւելի քան տասը աշխատակիցներ։
Զեկուցաբերը նախ ներկայացուց արհեստագիտութեան զարգացման ազդեցութիւնը մամուլին վրայ, դիտել տալով որ արհեստագիտութեան յառաջընթացին հետ ամէնէն ազդեցիկ զարգացման հոլովոյթը ապրեցաւ մամուլը, յատկապէս հասարակական ցանցերու բաց համակարգին բանեցումով։
Ան յայտնեց, որ արդի հասարակութիւնը կարելի չէ պատկերացնել առանց ելեկտրոնային մամուլին: Ընկերային ցանցերը վըրչուըլ աշխարհին շարժիչ հիմնական ազդակներն են, որոնք աւանդական մամուլէն կը տարբերին շարք մը յատկութիւններով, ինչպէս ընթերցող-թերթ փոխազդեցութիւնը, արագ հասանելիութիւնն ու ընթերցողներու լայն շրջանակ ունենալու առաւելութիւնը, գրողին ու լրագրողին համար անկախ հարթակի ստեղծումը, գործակցութեան աւելի լայն կարելիութիւններու առկայութիւնը աշխատակիցներու եւ լրատուամիջոցներու միջեւ, միեւնոյն ատեն փորձառութիւններու փոխանակման, գիրի, պատկերի եւ ձայնի միացեալ օգտագործման կարելիութիւնը, մամլոյ սպասաւորին մշտանորոգ որակի պահանջը եւ այլն։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արհեստագիտութեան զարգացման հետ երեւելի դարձող բացասական կողմերու, ինչպէս լեզուի աղաւաղման, յաճախ որակի հաշւոյն տեղի ունեցող լրատուամիջոցներու մրցավազքին, տպագիր մամուլի պահանջի նուազումին, ապատեղեկատուութեան արշաւներու աճին, անհատական թէ պետական մակարդակներու վրայ տեղեկատուական ապահովութեան խոցելիութեան եւ այլն։
Եզրակացնելով զրուցակիցները յատկապէս նկատել տուին, որ զարգացումը միայն արհեստագիտութեան միջոցներու օգտագործումով սահմանափակելու փոխարէն, անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ արհեստագիտութեան օգտագործումը որեւէ թերթի կամ կայքի բովանդակութեան հարստացման եւ կարծիքներու այլազանութեան ծառայեցնելու համար նաեւ։
Զրուցակիցները «Գանձասար»ի խմբագիրին հարցումներ ուղղեցին, առաջարկներ ներկայացուցին, տեղի ունեցան քննարկումներ, այլազան նիւթերու վերաբերող թեր ու դէմ կարծիքներ հնչեցին եւ անկեղծ, անմիջական մթնոլորտի մը մէջ աւարտին հասաւ զրոյցը։
Զեկուցաբերը շնորհակալութիւն յայտնելով «Հայերէն Պլօկ»ի խմբագրութեան, շնորհաւորեց գրական այս կայքի հիմնադրման 4-ամեակը, դիտել տալով որ արեւմտահայ առցանց մամուլին մէջ եզակի կայք մըն է ան՝ իր հարուստ բովանդակութեամբ, յանդուգն գրիչներով, ինչպէս նաեւ ոճի եւ լեզուի իւրայատկութեամբ։
Զրոյցի այս մշակոյթը պահելն ու զարգացնելը շատ մը հարցերու լուծման առաջնորդող նախաքայլ չէ՞ միթէ։
Թղթակից