Հազաց…
Արիւնը գլուխը խուժեց, մազերը տնկուեցան, ոտքերը թուլցան եւ լեզուն ծանրացաւ։
Վազեց դէպի բաղնիք, դուռը կղպեց, լոյսը վառեց ու կեցաւ հայելիին դիմաց։
Ուշադրութեամբ քննեց երեսը, երկու աչքերը, ափը դրաւ ճակտին երկու-երեք անգամ՝ տարբեր բաժիններ ձեռնելով։
Ծորակը բացաւ, ջուրը քիչ մը հոսելէն ետք ձեռքերը անոր տակ դրաւ ու լաւ մը օճառեց զանոնք։ Մէկ-մէկ շփեց մատները, մատներուն արանքները եւ բթամատին ու ցուցամատին միջեւ գտնուող լայն փոսիկը։ Դաստակին երեսով գոցեց ծորակը ու իր անձնական անձեռոցով ցամքեցուց ձեռքերը։ Արմուկով վար հրեց դուռին բռնակը ու ոտքով հրեց դուռը։
Դուրսը ընտանիքին յատկացուած ալքոլէն բաժին մը ձեռքերուն մէջ սրսկելով՝ հականեխեց զանոնք։ Մաքուր-կոկիկ նստաւ տեղը, սակայն միտքը կը մնար պղտոր-տարտղնուած։
Թաշկինակ մը առաւ, «ալքոլեց», եւ լաւ մը սրբեց իր ձեռնահեռաձայնը, ապա կրկին ձեռքերուն ալքոլ սրսկելով հականեխեց զանոնք։
Անցեալին ձեռնահեռաձայնը երբեմն իր մատնահետքը չէր ընդուներ, մատին վրայ հաւաքուած աղտին պատճառով։ Այժմ ցուցամատի մէկ հպումով ձեռնահեռաձայնը իր տրամադրութեան տակ կը դնէր բոլոր կարելիութիւնները։
Անգամ մը եւս բացաւ ոչ հեռու անցեալին ֆէյսպուքի էջերէն պահած այդ նկարը ու վերստուգեց ախտանշանները։ Ո՞րքանը ունէր անոնցմէ։ Իսկ ունենալու պարագային, ախտանշանը արձանագրուած նո՞յն աստիճանով էր։
Անգամ մը եւս ձեռքը ճակտին դրաւ։ Այս անգամ մէկ տեղ միայն ու դարձեալ վար առաւ։
Սկսաւ շրջիլ ինսթակրամ-ֆէյսպուք-ուաթսափ օղակին մէջ։ Փախուստ չկայ…
Ինչպէս աղօթքներուն վերջը «Ամէն»ն է, համացանցին վերնագիրն ալ այս օրերուն այդ բառն է։ Այդ բառը, որ ստիպեց զինք այսքան բծախնդիր շարժիլ այս օրերուն։ Այդ բառը, որ իր գրպանները պարպեց։ Այդ բառը, որ ջլապինդ դարձուց զինք, աշխատանքները կասեցուց։ Այդ բառը, որուն հետ ոչ մէկ բառ կրնար մրցիլ այս օրերուն կրկնութեան յաճախականութեամբ։ Բոլորին բերանն է, մեծին ու պզտիկին, ուսեալին ու թերուսին, հարուստին ու աղքատին։
Գլուխը սկսաւ ցաւիլ, կղպեց հեռաձայնն ու մէկ կողմ նետեց։
Նորէն հազաց՝ Ըհը՛-Ը՛հ, բայց այս անգամ անտարբեր մնաց, նոյն քայլերուն կրկնութիւնը զզուանք պատճառեր էր անոր։
Հազաց…
Հազաց սովորական հազ մը, ոչ սովորական պայմաններու մէջ։
Քրիստ Խրոյեան