«Երկիր».- ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան հիւանդութիւններու, վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը Հայաստանի մէջ 27 Մարտին պսակաձեւ ժահրով վարակուելու 25 նոր պարագայ գրանցած է:
Յիշեցնենք, որ երէկ հաղորդուած տուեալներուն համաձայն, գրանցուած էր 290 պարագայ:
Ընդհանուր առմամբ` 27 Մարտին հաստատուած է պսակաձեւ ժահրի 329 պարագայ:
Բացասական արդիւնք արձանագրուած է 1625 քննութեամբ: Բուժուած է 311 անձ: Ապաքինուած է 18 անձ: Մէկ հիւանդ մահացած է: