«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան 26 Մարտին այցելած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, ուր տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուած են նոր պսակաձեւ ժահրի տարածման կանխարգիլման նպատակով իրականացուող համալիր նախաձեռնութիւններուն, տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւններուն հետ կապուած հարցեր:
Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձած է ազգային անվտանգութեան մարմիններու գործունէութեան` ուղղուած պետութեան ու ժողովուրդի անվտանգութեան, հասարակութեան իւրաքանչիւր անդամի պաշտպանուածութեան ապահովման, քաղաքացիներու օրինական շահերուն ու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Երկրի ղեկավարը ընդգծած է նաեւ, որ համապետական ընտրութիւններու ընթացքին բնակչութեան առողջութեան պահպանման համար անհրաժեշտ է ձեռնարկել բոլոր միջոցները:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է իրենց լիազօրութիւններուն համաձայն ազգային անվտանգութեան ծառայողներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը նշուած հարցերու լուծման գործին մէջ:

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԻ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹՅԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ