Հայ կինը զոհողութեան եւ սիրոյ իտէալ մարմնացումն է: Սերունդներու առաջին եւ իսկական դաստիարակը, արարող ու քաջ է: Ազգի համար կը պայքարի, ինչպէս Սօսէ մայրիկն էր:
Հայ կինը  մայր է, որուն համար չկայ աւելի  կարեւոր բան քան զաւկին դաստիարակութիւնը:
Պատմութեան ընթացքին ան տեսած է հալածանք ու տառապանք, բայց իր տոկունութեամբ յաղթահարած է ամէն դժուարութիւն:
Ան իր նպաստը բերած է մեր գրականութեան։ Անոնցմէ էին՝ Սրբուհի Տիւսաբ, Սիպիլ, Զապէլ Եսայեան…
Ան ամէն պարագաներու մէջ աշխատասէր է, պատուախնդիր ու ազգասէր: Հայու նկարագիրը կերտողն է, որովհետեւ սերունդներու կրթողը ինքն է:
Անոր դերը շատ մեծ է մեր հանրային կեանքին մէջ: Ան բժշկուհի է, ուսուցչուհի, ճարտարապետ:
Ո՛չ մէկ դժուարութիւն կը ճանչնայ, ո՛չ մէկ պարտութիւն կ’ընդունի: Որովհետեւ ան համբերել եւ աշխատիլ գիտէ: Ու մանաւանդ միշտ կը ձգտի լաւագոյնին:
Ան միշտ ապացուցած է իր ուժն ու կամքը:
Եթէ հայ տղամարդուն դերը մեծ է հայրենիքի պաշտպանութեան մէջ, հայ կնոջ դերը անփոխարինելի է ազգի գոյատեւման պայքարին մէջ:
Աստղիկ Դանիէլեան
ԺԱ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան