Դեկտեմբեր 2019-ին չինական իշխանութիւնները աշխարհին տեղեկացուցին, որ ժահր մը կը տարածուէր իրենց երկրի քաղաքներուն մէջ։ Յաջորդող ամիսներուն ժահրը տարածուեցաւ այլ երկիրներ եւ վարակուածներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ քանի մը օրերու ընթացքին։ Այդ ժահրը շնչառական անակնկալ ախտ յառաջացնող պասակաձեւ (sarsCoV -2-) ժահրն է, որ կը պատճառէ covid-19 հիւանդութիւնը։
Ի՞նչ կը պատահի երբ անձ մը վարակուի եւ ի՞նչ պէտք է ընել
Ժահրը պարզապէս կեղեւ մըն է ծինային նիւթի մը եւ կարգ մը սպիտներու (proteins) շուրջ, հաւանաբար ոչ իսկ ապրող բան մը, որ կրնայ բազմապատկուիլ միայն ապրող բջիջի մը մէջ մտնելով։ Պսակաձեւ ժահրը կրնայ փոխանցուիլ մակերեսներու ճամբով, բայց տակաւին յստակ չէ, թէ որքան ժամանակ կրնայ ապրիլ անոնց վրայ։ Ժահրը հիմնականօրէն կը փոխանցուի օդակաթիլներու ճամբով, երբ անձ մը հազայ կամ դպչի վարակուած անձի մը, ապա դպչի իր երեսին, շփելով աչքերը կամ քիթը։ Ժահրը կը սկսի այն տեղէն, ապա գաղտնի ձեւով կ’իջնէ մարմինին խորքը։ Ան կ’ուղղուի դէպի աղիքներ, փայծաղ կամ թոքեր, ուր կրնայ ունենալ ամենավնասակար ազդեցութիւնը։
Թոքերը պատուած են միլիոնաւոր մառային բջիջներով (epithelial cells): Անոնք մարմինին այն բջիջներն են, որոնք կը պատեն ձեր գործարանները եւ խլնաթաղանթը (mucosa) եւ կը սպասեն վարակման։ Պսակաձեւ ժահրը կը կապուի իր զոհին մաշկերուն վրայ գտնուող յատուկ ընկալողին, ներարկելու ծինական նիւթը։ Բջիջը, որ չի գիտեր թէ ի՞նչ կը պատահի, կ’արձակէ նոր հրահանգներ, որոնք շատ պարզ են՝ ընդօրինակել եւ վերահաւաքել։ Բջիջը կը սկսի լեցուիլ բուն ժահրին օրինակներով, մինչեւ որ հասնի վտանգաւոր կէտի մը եւ ստանայ վերջին հրահանգ՝ ինքնաոչնչացում։ Այնուհետեւ բջիջը կը ցնդի՛ արձակելով պսակաձեւ ժահրի նոր մասնիկներ, որոնք պատրաստ են յարձակելու այլ բջիջներու վրայ։ Վարակուած բջիջներուն քանակը արագօրէն կ’աճի, մօտաւորապէս տասը օր ետք մարմինի միլիոնաւոր բջիջներ կը վարակուին եւ միլիառաւոր ժահրեր կը լեցուին թոքերուն մէջ։ Ժահրը տակաւին շատ վնաս չէ պատճառած, բայց ան այդուհետեւ ձեր իսկական թշնամին է, կը յարձակի ձեր դիմադրողական համակարգին վրայ։ Ձեր դիմադրողական համակարգը, որ մինչ այդ կը պաշտպանէր ձեզ, այս պարագային կրնայ բաւական մեծ վտանգ հանդիսանալ ձեզի համար, եւ պէտք է խստիւ կարգաւորուի։ Մինչ առողջ բջիջները կը լեցուին թոքերուն մէջ պայքարելու ժահրին դէմ, ժահրը կը վարակէ զիրենք եւ շփոթ մը կը ստեղծէ։ Բջիջները կը հաղորդակցին փոքր տեղեկատուական սպիտներու ճամբով, որոնք կը կոչուին սայթոքայնզ։ Գրեթէ իւրաքանչիւր կարեւոր դիմադրողական արձագանգ կը վերահսկուի անոնց կողմէ։ Պսակաձեւ ժահրը պատճառ կը դառնայ, որ վարակուած բջիջները բուռն ձեւով արձագանգեն եւ կատղին, ասիկա դիմադրողական համակարգը կատաղութեան մէջ կը ձգէ եւ կ’ուղարկէ աւելի շատ զինուորներ, վատնելով իր աղբիւրները եւ վնաս պատճառելով մարմինին։ Յատկապէս երկու բջիջներ շատ մեծ վնաս կը պատճառեն. առաջինը՝ նիւթրոֆայլզերն են (neutrophils), որոնք վարպետ սպանողներ են։ Անոնք երբ հազարներու կը հասնին, կը սկսին արձակել էնզայնսներ, որոնք կ’ոչնչացնեն նոյն չափով ընկերներ եւ թշնամիներ։ Երկրորդ կարեւոր բջիջները, որոնք կը կատղին, սպանող T բջիջներն են՝ որոնք ընդհանրապէս վարակուած բջիջներուն կը հրահանգեն վերահսկուած անձնասպանութիւն կատարել։ Անոնք շփոթի մատնուելով կը սկսին առողջ բջիջներուն ալ հրահանգել անձնասպան ըլլալ, երբ վարակամէտ յաւելեալ բջիջներ կու գան, յաւելեալ վնաս կը պատճառեն եւ կը սպաննեն թոքերուն առողջ հիւսուածքը։ Այս գործընթացը կրնայ այդքան գէշ ըլլալ, որ անդառնալի վնաս եւ ցմահ հաշմանդամութիւն կրնայ պատճառել։ Շատ մը պարագաներու դիմադրողական համակարգը կը վերականգնէ իր հսկողութիւնը, կը սպանէ վարակուած բջիջները, կ’արգիլէ ժահրերը նոր բջիջներ վարակելէ եւ կը մաքրէ ռազմադաշտը։
Ապաքինումը կը սկսի, պսակաձեւ ժահրով վարակուածներուն մեծ մասը կ’ունենան մեղմ ախտանշաններ, բայց այլ պարագաներ կ’ըլլան ծանր կամ նոյնիսկ լուրջ, տոկոսը չենք գիտեր, քանի որ բոլոր պարագաները յայտնաբերուած չեն, բայց կրնանք ըսել որ այս ժահրով վարակուած մտահոգիչ պարագաներու թիւը աւելի է քան կրիփով վարակուածներունը։ Աւելի ծանր պարագաներուն միլիոնաւոր մառային բջիջներ կը մեռնին եւ անոնց հետ կ’անհետանայ թոքերուն պաշտպանիչ երեսը, ատիկա կը նշանակէ որ թոքախորշիկները, փոքրիկ օդային տոպրակները, որոնց միջոցաւ շնչառութիւնը տեղի կ’ունենայ, կրնան վարակուիլ մանրէներով, որոնք ընդհանրապէս վնասակար չեն։ Հիւանդը թոքատապ կ’ունենայ, շնչառութիւնը դժուար կը դառնայ կամ անկարելի եւ ան արհեստական շնչառութեան գործիքի կարիք կ’ունենայ գոյատեւելու համար։ Դիմադրողական համակարգը շաբաթներով պայքարած էր իր ամբողջ կարողութեամբ եւ շինած էր հազարաւոր հակաժահրային զէնքեր, մինչ հազարաւոր մանրէներ արագօրէն կը բազմապատկուին ան ճնշուած կը զգայ, անոնք կը մտնեն արեան մէջ եւ կը տարածուին մարմինին մէջ, այս պարագային մահը շատ հաւանական է։
Պսակաձեւ ժահրը ընդհանրապէս կը բաղդատուի կրիփին հետ, բայց իրականութեան մէջ շատ աւելի վտանգաւոր է, մինչ դժուար է ճշդել մահացողներուն թիւը համաճարակի տարածման ընթացքին, վստահ ենք որ ատիկա շատ աւելի վարակիչ է եւ շատ աւելի արագ կը տարածուի քան կրիփը։
Ո՞ւր կը կայանայ վտանգը
Արագ համաճարակի ընթացքին բազմաթիւ մարդիկ հիւանդ կ’ըլլան նոյն ատեն։ Եթէ թիւերը շատ բարձրանան, առողջապահական համակարգերը չեն կրնար լուծել հարցը, բոլորին համար չեն ընծայուիր բուժումի բաւարար միջոցներ, ինչպէս բժշկական անձնակազմ կամ կազմածներ, օրինակ՝ արհեստական շնչառութեան գործիքներ։ Մարդիկ առանց բուժուելու կը մահանան, առողջապահական համակարգի աշխատողները իրենք եւս կրնան հիւանդանալ, հետեւաբար առողջապահական համակարգին կարողութիւնը աւելի կը նուազի։ Եթէ ասիկա ըլլայ պարագան, պէտք է առնուին սարսափելի որոշումներ, թէ ով պիտի ապրի եւ ով՝ ոչ։ Մահացողներուն թիւը զգալիօրէն կը բարձրանայ այս պարագային, ասկէ խուսափելու համար աշխարհը, այսինքն՝ մենք, պէտք է ընենք այն ինչ որ համաճարակը դանդաղեցնէ։ Համաճարակը կրնայ դանդաղիլ անոր ճիշդ արձագանգներով, յատկապէս նախնական շրջանին, որպէսզի բոլոր հիւանդները բուժում ստանան եւ հիւանդանոցներուն վրայ շատ ճնշում չբանեցուի։ Եւ քանի որ պատուաստ չկայ պսակաձեւ ժահրին դէմ, պէտք է մենք մեր ընթացքը փոխենք, վարուելով իբրեւ ընկերային պատուաստ, ասիկա պարզապէս կը նշանակէ երկու բան.
1.- Չվարակուիլ
2.- Չվարակել ուրիշները։
Լաւագոյն միջոցը ձեռքերը լուալն է, օճառը իրականութեան մէջ հզօր գործիք է, պսակաձեւ ժահրը կը գտնուի ճարպի շերտի մը մէջ։ Օճառը կը փճացնէ այդ ճարպը եւ թոյլ չի տար որ վարակունք։ Օճառը ձեր ձեռքը սահուն կը դարձնէ եւ լուացուելու մեքենական շարժումներուն ճամբով ժահրերը կը չքանան։
Յաջորդ քայլը ընկերային հեռաւորութիւնն է, որ հաճելի փորձառութիւն մը չէ, բայց ճիշդ միջոց մըն է, ատիկա կը նշանակէ չփաթուիլ, ձեռք չսեղմել, եթէ կրնաք տունը մնալ, մնացէք տունը, որպէսզի պաշտպանէք անոնց, որոնք պէտք է տունէն դուրս ելլեն աշխատելու ձեզի համար՝ բժիշկներ, գանձապահներ, ոստիկաններ, լրագրողներ։
Աւելի լայն մակարդակի վրայ կան ինքնամեկուսացումի միջոցներ, ինչպէս ճամբորդութեան արգելքներ, կամ գործնական հրահանգներ տունը մնալու։ Ինքնամեկուսացումը հաճելի փորձառութիւն մը չէ եւ անշուշտ դժուար ընդունելի է մեզի եւ յատկապէս դեղեր եւ պատուաստներ պրպտողները խուճապի չմատնուին։