«Երկիր».-Արցախի 2020 թ. համապետական ընտրութիւններուն նախագահի ՀՅԴ թեկնածու Դաւիթ Իշխանեան այլ թեկնածուներուն հետ հեռուստաբանավէճի ընթացքին յայտնեց, որ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը, որ մենք ի յայտ բերինք, ներքին ցնցումներէն հեռու մնալու եւ երկրի ներքին կեանքին մէջ կայունութիւն ապահովելու հարցերն են եւ մենք այդ ուղղութեամբ մեր քայլերը պէտք է առնենք:
«Մեր ժողովուրդին մէջ կայ ընկերային արդարութեան ուղղուած պահանջներ, իշխանութեան հանդէպ վստահութեան պակաս, նաեւ կարեւոր է այն հանգամանքը, որ մենք գիտակցինք, որ մեր ժողովուրդը ակնյայտօրէն կ’երազէ անվտանգութեան աւելի հզօր, աւելի լուրջ համակարգի արմատաւորում»,ըսաւ ան:
Յիշեցնենք` րտին Արցախի մէջ լռութեան օր է. օրէնքով նախատեսուած նախընտրական քարոզչութեան ժամանակը աւարտուած է:
31 Մարտին տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին նախագահի 14 թեկնածու, իսկ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն` 10 կուսակցութիւն եւ կուսակցական 2 դաշինք: